ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ

Եւ­րո­միու­թեան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դը նա­խըն­թաց օր ի­րա­ւա­սու­թիւն տրա­մադ­րեց Ե­րե­ւա­նի եւ Պրիւք­սէ­լի մի­ջեւ նոր հա­մա­ձայ­նա­գիր մը ստո­րագ­րե­լու նպա­տա­կին ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսե­լուն հա­մար։ Ըստ Եւ­րո­միու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին, Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ նոր հա­մա­ձայ­նագ­րի մը ստո­րագր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին մին­չեւ տա­րե­վերջ։ Այդ նոր հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պի­տի փո­խա­րի­նէ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵՄ-ի մի­ջեւ ներ­կա­յիս գոր­ծող Գոր­ծըն­կե­րու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մա­ձայ­նա­գի­րը։ Կայ­քէ­ջին վրայ նշուած է, թէ Եւ­րո­միու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու է Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի հետ շա­րու­նա­կա­բար զար­գաց­նել եւ ամ­րապն­դել հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը՝ հա­մա­տեղ կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Հարկ է նշել, որ ԵՄ-ի եւ ա­նոր Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ռի­կա­յի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին, 22 Մա­յիս 2015 թուա­կա­նին, ԵՄ եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան եր­կիր­նե­րը հան­դէս ե­կած էին հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը։ Այս վերջ­նոյն բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ող­ջու­նուած էր ԵՄ-ի եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ գո­յա­ցած փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը՝ նոր հա­մա­ձայ­նա­գիր մը կնքե­լու վե­րա­բե­րեալ։

Այս նոր հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ հա­մա­պար­փակ եւ պի­տի ու­նե­նայ ի­րա­ւա­կան ուժ։ ԵՄ-ի Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խոր­հուր­դը հա­մա­պա­տաս­խան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար լիա­զօ­րած է Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղովն ու ԵՄ-ի բարձր ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Այս զար­գա­ցու­մը ող­ջու­նուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Լիա­զօ­րու­թեան տրա­մադր­ման ո­րոշ­ման կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը հան­դէս ե­կաւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, որ լիա­յոյս է, թէ նոր փաս­տա­թուղ­թը յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի բարձ­րաց­նէ նոր մա­կար­դա­կի մը։ Նա­խըն­թաց օր Լիւք­սեմ­պուր­կի մէջ հրա­պա­րա­կուած ո­րոշ­ման ա­ռըն­չու­թեամբ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ը­սաւ. «Կը կա­րե­ւո­րենք Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դին կող­մէ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քի ձե­ւա­ւոր­ման շուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սկսե­լու վե­րա­բե­րեալ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վին լիա­զօ­րու­թիւն տրա­մադ­րու­մը։ Լիա­յոյս ենք, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին մշա­կուե­լիք փաս­տա­թուղ­թը լա­ւա­գոյնս պի­տի ար­տա­յայ­տէ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն փոխ­շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րու­թիւ­նը, պի­տի ար­տա­ցո­լաց­նէ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը նոր մա­կար­դա­կի մը բարձ­րաց­նե­լու հա­մա­տեղ յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ու պի­տի ու­րուագ­ծէ փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող բո­լոր ո­լորտ­նե­րէն ներս հա­մա­պար­փակ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը»։­

Իր կար­գին, այս ի­րա­դար­ձու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մըն ալ հան­դէս ե­կաւ Ֆրան­սա­յի Եւ­րո­պա­յի գոր­ծե­րու գծով պե­տա­կան քար­տու­ղար Առ­լէմ Տե­զիր, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան։ Ան ող­ջու­նեց լիա­զօ­րու­թեան հաս­տա­տու­մը, ո­րու հի­ման վրայ ԵՄ-Հա­յաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ շրջա­նա­կա­յին հա­մա­ձայ­նա­գիր մը պի­տի կնքուի։

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ֆրան­սա­յի դես­պա­նա­տան կող­մէ տա­րա­ծուած յայ­տա­րա­րու­թեան հա­մա­ձայն, Առ­լէմ Տե­զիր սոյն ո­րո­շու­մը կա­րե­ւոր փուլ մը հա­մա­րած է Եւ­րո­միու­թեան եւ Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան մաս­նա­կից Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ «Ըստ Ֆրան­սա­յի կող­մէ սա­տար կանգ­նուած բա­ցա­ռիկ հա­մարկ­ման բա­նա­ձե­ւին, ա­պա­գայ հա­մա­ձայ­նա­գի­րը պէտք է հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռէ ամ­րապն­դե­լու տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ մշա­կու­թա­յին շփում­նե­րը Եւ­րո­միու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի մի­ջեւ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յար­գե­լով Եւ­րոա­սիոյ տնտե­սա­կան միու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լու Հա­յաս­տա­նի ո­րո­շու­մը», նշեց Տե­զիր։

Վստա­հե­լով այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ հայ­կա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու շի­նիչ ներգ­րա­ւուա­ծու­թեան, Առ­լէմ Տե­զիր կոչ ուղ­ղած է ա­րագ կնքել հա­մա­ձայ­նա­գի­րը ու վե­րա­հաս­տա­տած է Ֆրան­սա­յի պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նին. երկ­րի ար­դիա­կա­նաց­ման եւ տնտե­սա­կան զար­գաց­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ բա­րե­փո­խում­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման գոր­ծին մէջ։

 

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015