ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ

Գեր­մա­նաբ­նակ թուրք գրող Քե­մալ Եալ­չըն եւ Նիւ Եոր­քի «Վլա­տի­միր Քո­չա­րեան» թա­տե­րա­խում­բը այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լեն Հա­յաս­տան։ Ծա­նօթ է, որ Քե­մալ Եալ­չըն հայ­կա­կան հար-­ցին շուրջ հե­տա­մուտ է պաշ­տօ­նա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թե­նէն հե­ռու դիր­քո­րո­շու­մի մը եւ այս պատ­ճա­ռով իր Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ լայն ար­ձա­գանգ։ Իր կող­մէ հե­ղի­նա­կուած «Հո­գիս ձեզ­մով կը խայ­տայ» ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը թա­տե­րա­կա­նա­ցուած է Նիւ Եոր­քի «Վլա­տի­միր Քո­չա­րեան» թա­տե­րա­խում­բին կող­մէ, ո­րու գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վարն է Կա­րի­նէ Քո­չա­րեան։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Քե­մալ Եալ­չըն Կա­րի­նէ Քոչա­րեան եւ ի­րենց ըն­կե­րա­կից­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Քե­մալ Եալ­չըն ցա­ւակ­ցու­թիւն յայտ­նեց 2015-ի տա­րե­լի­ցի մթնո­լոր­տին մէջ։ «Ին­ծի հա­մար պա­տիւ է Հա­յաս­տա­նի մէջ ըլ­լա­լը։ Մին­չեւ հա­յե­րը իս­կա­պէս ճանչ­նա­լը իմ աշ­խարհս շատ աղ­քատ էր։ Թուր­քիոյ մէջ եր­կար տա­րի­ներ այդ մա­սին կը լռէին եւ միայն Գեր­մա­նիոյ մէջ ու­սա­նած տա­րի­նե­րուս ես ի­մա­ցայ ամ­բողջ ճշմար­տու­թիւ­նը։ Այդ պա­հէն ի վեր միշտ ու­նե­ցած եմ մեղ­քի զգա­ցում», ը­սաւ Քե­մալ Եալ­չըն եւ ա­ւել­ցուց, թէ որ­պէս թուրք գրող մը ինք կը խնդրէ նե­րո­ղու­թիւն եւ իր ան­կեղծ փա­փաքն է, որ վե­րա­կանգ­նուի Հա­յաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ սահ­ման­նե­րը միաց­նող կա­մուր­ջը։ Ան շա­րու­նա­կեց. «Ես կը հա­ւա­տամ, պի­տի գայ օ­րը, երբ մենք պի­տի հան­դի­պինք այդ կա­մուր­ջին մօտ եւ բա­ժակ պի­տի բարձ­րաց­նենք բա­րե­կա­մու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­յերն ու թուր­քե­րը հա­րիւ­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ապ­րած են կողք կող­քի։ Հա­յե­րը ստեղ­ծա­գործ ժո­ղո­վուրդ են եւ մեծ ներդ­րում ու­նին ոչ միայն Թուր­քիոյ, այ­լեւ՝ հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան գան­ձա­րա­նին մէջ, եւ ի հար­կէ, թուր­քե­րը պար­տա­ւոր են այս բո­լո­րին հա­մար ե­րախ­տա­գի­տա­կան խօս­քեր ը­սե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին», ը­սաւ Քե­մալ Եալ­չըն, որ խօ­սե­ցաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի վե­րա­բե­րեալ իր տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ան նշեց, որ չա­փա­զանց տպա­ւո­րուած էր՝ տես­նե­լով, թէ Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րը կը կրեն գրող­նե­րու, բա­րե­գործ­նե­րու եւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րու ա­նուն­նե­րը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Քե­մալ Եալ­չըն յոյս յայտ­նեց, թէ ներ­կա­յիս Թուր­քիոյ մէջ սկիզբ ա­ռած ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժում­նե­րը պի­տի զար­գա­նան։ Ըստ ի­րեն, պատ­մու­թիւ­նը եր­բեք չի նե­րեր մարդ­կու­թեան դէմ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն։ Հա­մա­տեղ ապ­րուած վիշ­տը պէտք է դառ­նայ խա­ղա­ղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան հիմք։ «Կը փա­փա­քիմ, որ իմ գիր­քե­րը օգ­տա­կար ըլ­լան ընդ­հա­նուր ցա­ւը յաղ­թա­հա­րե­լու ճա­նա­պար­հին», ը­սաւ Քե­մալ Եալ­չըն։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­լու ա­ռըն­թեր Քե­մալ Եալ­չըն Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս սար­քեց նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ բե­մադ­րիչ Կա­րի­նէ Քո­չա­րեա­նի եւ դե­րա­սան­ներ՝ Յով­հան­նէս Ոս­կե­րի­չեա­նի եւ Ար­թուր Կա­րա­պե­տեա­նի հետ։ Նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Ֆիր­տուս Զա­քա­րեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քէն վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցան ա­սու­լի­սի ա­տե­նա­խօս­նե­րը։ Քե­մալ Եալ­չըն այս առ­թիւ նշեց, թէ ար­դէն քսա­նհինգ տա­րիէ ի վեր կը զբա­ղի հայ­կա­կան հար­ցով եւ այս նիւ­թին շուրջ ու­նի ա­ւե­լի քան հինգ հա­զար էջ հրա­պա­րա­կում, որ կը փաս­տէ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ցաւն ու տա­ռա­պան­քը։ Իր գիր­քը հա­յե­րէ­նով ա­ռա­ջին ան­գամ հրա­պա­րա­կուած է Ե­րե­ւա­նի մէջ, իսկ երկ­րորդ տպագ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նա­ցուած՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի մէջ։

Հարկ է նշել, որ Քե­մալ Եալ­չը­նի հե­ղի­նա­կած գոր­ծի հի­ման վրայ Հա­յաս­տա­նի մէջ նա­խա­տե­սուած են ե­րեք նե­րկա­յա­ցում­ներ։ Ա­ռա­ջի­նը այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Կիւմ­րիի մէջ, երկ­րոր­դը՝ վա­ղը Վա­նա­ձո­րի մէջ, իսկ եր­րոր­դը՝ շա­բա­թա­վեր­ջին, Հոկ­տեմ­բե­րի 17-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ։

Միւս կող­մէ, «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Քե­մալ Եալ­չըն յոյս յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա պի­տի ճանչ­նայ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ «Թուր­քիոյ մէջ ես մե­ծա­մաս­նու­թեան ան­դամ էի, սա­կայն Գեր­մա­նիոյ մէջ դար­ձայ թրքա­կան փոք­րա­մաս­նու­թեան ան­դամ եւ աս­տի­ճա­նա­բար սկսայ հասկ­նալ մեր երկ­րին մէջ բնա­կող փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հո­գե­վի­ճա­կը։ Ա­նոնց բո­լոր տա­ռա­պանք­նե­րը, հո­գիի խռո­վու­թիւն­նե­րը դար­ձան ին­ծի հա­մար հասկ­նա­լի։ Բո­լո­րո­վին այլ մարդ մը դար­ձայ։ Այդ տա­րի­նե­րուն Գեր­մա­նիոյ մէջ օ­տար­նե­րու դէմ թշնա­մու­թեան շրջան էր, նոյ­նիսկ պա­տե­րուն վրայ հա­կա­թուրք լո­զունգ­ներ կը գրուէին։ Թուր­քիոյ մէջ դա­տա­պար­տուած ըլ­լա­լու պատ­ճա­ռով տասն­հինգ տա­րի չէի կրցած վե­րա­դառ­նալ հայ­րե­նիք, այդ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին շատ լաւ հասկ­ցայ, թէ ի՛նչ կը նշա­նա­կէ հայ­րե­նիք կորսնց­նել, չկա­րե­նալ վե­րա­դառ­նալ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քը։ Ինձ մօտ փո­փո­խու­թեան շրջան մըն էր։ Միայն ա­ւե­լի ուշ սկսայ գի­տակ­ցիլ, թէ ինչ­քա՜ն դա­ժան է այս պար­ա­գան հա­յոց, ո­րոնք նոյն ի­րա­վի­ճա­կին մէջ են, զրկուած են սե­փա­կան հայ­րե­նի­քէն, ուր չեն կրնար վե­րա­դառ­նալ», յայտ­նած է նոյն հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Քե­մալ Եալ­չըն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015