ՎԱՂԸ՝ ՕՐ ԴԱՏԱՎՃՌԻ

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նի (Ե­ՄԻԱ) Մեծ պա­լա­տը ար­դէն հա­սած է «Փե­րին­չէքն ընդ­դէմ Զուի­ցե­րիոյ» գոր­ծին վե­րա­բե­րեալ դա­տավ­ճի­ռը ար­ձա­կե­լու հանգ­րուա­նին։ Ծա­նօթ է, որ տաս­նեօթ դա­տա­ւոր­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս Մեծ պա­լա­տը Ե­ՄԻԱ-ի վճռա­բեկ մար­մի­նը կը հա­մա­րուի։ Ան­ցեալ Յունուա­րին տես­նուած դա­տա­վա­րու­թեան հի­ման վրայ Մեծ պա­լա­տը վա­ղը պի­տի ար­ձա­կէ իր վճի­ռը։

Տո­ղու Փե­րին­չէք Բա­նուո­րա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը ե­ղած շրջա­նին Զուի­ցե­րիոյ մէջ հրա­պա­րա­կաւ ժխտած էր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րը։ Այս պատ­ճա­ռով ան յան­ցա­ւոր նկա­տուած էր Զուի­ցե­րիոյ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կող­մէ ու դա­տա­պար­տուած՝ պա­տի­ժի։ Փե­րին­չէք այս գոր­ծը տա­րած էր Ե­ՄԻԱ, ուր պաշտ­պա­նած էր այն տե­սա­կէ­տը, թէ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ո­րո­նու­մը մաս չի կազ­մեր դա­տա­րան­նե­րու ա­ռա­քե­լու­թեան։ Ե­ՄԻԱ Փե­րին­չէ­քը ար­դա­րա­ցու­ցած էր՝ ար­տա­յայ­տու­թեան ա­զա­տու­թեան սկզբուն­քին հի­ման վրայ։

Այդ վճի­ռէն վերջ Զուի­ցե­րիա գոր­ծը տա­րած էր Ե­ՄԻԱ-ի Մեծ պա­լա­տը, մինչ դա­տին մի­ջա­մուխ դար­ձած էր նաեւ Հա­յաս­տան։ Ան­ցեալ Յու­նուա­րի դա­տա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին շա­հագր­գիռ բո­լոր կող­մե­րը Մեծ պա­լա­տի դա­տա­ւոր­նե­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցած էին ի­րենց մօ­տե­ցում­նե­րը։

Թրքա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ ե­թէ Մեծ պա­լա­տը վե­րա­հաս­տա­տէ Ե­ՄԻԱ-ի կող­մէ նա­խա­պէս ար­ձա­կուած վճի­ռը, ա­պա սա մեծ հա­րուած մը պի­տի ըլ­լայ այն շրջա­նակ­նե­րուն դէմ, ո­րոնք հե­տա­մուտ են Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­յոց տե­սա­կէտ­նե­րու ժխտման պատ­ժուե­լուն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015