ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ԿՈՉԵՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱԿԱԿՇՌՄԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, թէ Պե­տա­կան հա­կակշռ­ման խոր­հուր­դը պաշ­տօ­նի կո­չած է՝ շա­բա­թա­վեր­ջին մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­ւոր ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մի հար­ցաքն­նու­թեան հա­մար։ Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ ան­պայ­ման տկա­րու­թիւն մը յա­ռա­ջա­ցած է կէ­տի մը վրայ, սա­կայն ա­մէն դէպ­քի պա­րա­գա­յին հրա­ժա­րա­կա­նի սպա­սում­նե­րը ճիշդ չեն։

Ֆին­լան­տիոյ Նա­խա­գահ Սաու­լի Նի­նիս­թէո­յի հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Էր­տո­ղան յայտ­նեց, թէ բո­լոր վար­կած­նե­րը մին­չեւ վերջ պի­տի հե­տա­զօ­տուին ու պի­տի բա­ցա­յայ­տուին ո՛չ միայն գոր­ծա­կա­տար­նե­րը, այլ նաեւ՝ ա­նոնց ե­տեւ կանգ­նած ու­ժե­րը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2015