ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ԳԻՐՔԻ ԳԻՇԵՐ-2017»Ը

Գրասէրներուն բազում անակնկալներ խոստացող «Գիրքի գիշեր-2017»ի շրջանակին մէջ «Պուքինիստ» գրախանութի բոլոր գիրքերը ընթերցասէրները կրնան գնել 30 տոկոս զեղչով։ Ասոր զուգահեռ գիրքին առընչուող շարք մը միջոցառումներ տեղի կ՚ունենան նաեւ յարակից Միսաք Մանուշեանի անուան պուրակին մէջ։ «Գիրքի գիշեր-2017»ը տեղի կ՚ունենայ Հոկտեմբերի 14-ին «Էրեբունի-Երեւան-2799» տօնակատարութեան շրջանակներէն ներս։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրուցեցին միջոցառման կազմակերպիչներն ու աջակիցները։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ «Պուքինիստ» ընկերութեան տնօրէն Խաչիկ Վարդանեան ըսաւ. «Պուրակին մէջ 19 միջոցառում կ՚իրականացուի։ Հրաւիրած ենք գրողները, որոնց հետ այցելուներ կրնան զրուցել եւ անոնց մակագրել տալ իրենց գիրքերը։ Պուրակին մէջ տեղակայուած կ՚ըլլան երկու լուսանկարչական տաղաւար, ուր երեխաները եւ մեծահասակները կրնան անվճար լուսանկարուիլ։ Կը նախատեսուի Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթներու հիման վրայ տիկնիկային ներկայացում ցուցադրել։ Երեկոյեան համերգային ծրագիր տեղի կ՚ունենայ. մեր համաքաղաքացիներու տրամադրութիւնը բարձր կը պահեն հեղինակային երգիչները՝ կատարելով իրենց ստեղծագործութիւնները։ Ներկաները հնարաւորութիւն կ՚ունենան դիտել «Ալիսը հրաշքներու աշխարհին մէջ» շարժանկարը»։

Ան աւելցուց, որ վերջին տարիներուն գիրքերու վաճառքի աճը աւելցած է։ «Մենք նախատեսած ենք անակնկալներ նաեւ գրադարաններու համար. յաջորդ Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի օրերը մեր պահեստներուն կը սպասենք բոլոր այն գրադարաններու ներկայացուցիչները, որոնք կ՚ուզեն գիրքեր նուէր ստանալ», շեշտեց Վարդանեան։

Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանի խօսքով՝ անցեալ տարի իրականացուած «Գիրքի գիշեր»ը ապացուցեց, որ սին են կարծիքները, թէ հասարակութիւնը հեռացած է գիրքէն։ «Գիրքի, գրականութեան միջոցով մենք մեր երեխաները կ՚ուղղորդենք հրաշքներու կախարդական աշխարհ, կը ծանօթացնենք մեր պատկերացուցած հայրենիքին։ Յուսամ՝ այս միջոցառումը կը խթանէ գրավաճառութեան աճը, կը նպաստէ գիրքի հանրահռչակման», ըսաւ նախարարը։

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ «Գիրքի գիշեր»ը լաւ հարթակ մըն է դէպի գիրքը եւ գրականութիւնը սէր արթնցնելու համար։ Այս ծրագիրը կը դառնայ աւանդոյթ եւ ամէն տարի Երեւանի տօնին աւելի մեծ մասնակցութեամբ «Գիրքի գիշեր» կ՚իրականացուի, հնարաւոր է, որ յետագային միւս գրախանութները եւս ներգրաւուին», եզրափակեց Յոհվաննիսեան։

«Գիրքի գիշեր»ը կ՚իրականացուի «Պուքինիստ» ընկերութեան նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017