ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԿԱՃԱՌԻՆ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ «ԳՈՅՆԷՆ ԱՆԴԻՆ»

Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ բացուեցաւ Ռուբէն Նաճարեանի մատիտանկար աշխատանքներու ցուցահանդէսը, որու մէջ ընդգրկուած են արուեստագէտին 1990-2015 թուականներու ընթացքին ստեղծագործած աշխատանքները։ Նկարիչի գծանկարները հիմնուած են ռիթմի սկզբունքի վրայ, որու շնորհիւ պատկերը դուրս կը մղուի իր տարածական սահմանէն։

Ռուբէն Նաճարեանի խօսքով, իր աշխատանքները ճեպանկարներ չեն, այլ իւղաներկի մօտեցմամբ ստեղծուած մատիտանկարներ են։

«Մօտեցումը տարբեր է։ Նկարներս վերացական չեն, ես կը հիմնուիմ նիւթի, բնութեան վրայ, սակայն աշխատանքի ընթացքին այդ պատկերի մասը կը վերանայ, եւ կը մնայ անոր յիշողութիւնը, փաստօրէն ես կ՚երթամ դէպի վերացականութիւն», նշեց ան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Փարիզի մէջ բնակող արուեստագէտի համար մեծ պատիւ է, որ իր մատիտանկարները կը ներկայացուին Հայաստանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ։

«Սա Հայաստանի մէջ իմ առաջին ցուցահանդէսն է։ Աշխատանքներս ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ՝ Անգլիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Իտալիա։ Խորհրդանշական է, որ Կոմիտասի անունը կրող այս կառոյցին մէջ հայ արուեստասէրները առաջին անգամ հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու իմ մատիտանկարներուն», ընդգծեց ան։

Իր կարգին, «Գոյնէն անդին» ցուցահանդէսի համադրող, Կոմիտաս թանգարան-կաճառի գիտացուցադրական բաժնի ղեկավար Նայիրի Խաչատուրեան կը պատմէ, որ արուեստագէտի հետ միասին որոշած են աշխատանքները բաժնել երեք շրջաններու։ Անոր խօսքով, Ռուբէն Նաճարեան կը բացայայտէ սեւի եւ սպիտակի, կորագծի եւ ուղղագծի խտութեան եւ նօսրութեան երագներու բազմազանութիւնը։

«Ռուբէն Նաճարեան փարիզաբնակ ժամանակակից կարեւորագոյն արուեստագէտներէն մին է։ Ան ար-ւեստի տարբեր միջոցներ օգտագործած է՝ խճանկար, երփնապակի, յետոյ անցած է ջրանկարներուն, իսկ վերջին երեսուն տարիներուն միայն մատիտով կ՚աշխատի։ Այս ցուցահանդէսը Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ կազմակերպելու առաջարկը մեր կողմէ ուղղուած է։ Թանգարանը տարեկան երկու ժամանակաւոր ցուցադրութիւններ կը կազմակերպէ, որոնցմէ մէկը աւելի աւանդական նիւթով։ Ինչպէս գիտէք, մենք այս տարի իրականացուցինք «Հնչիւն եւ լռութիւն. երաժիշտը եւ նուագարանը դարերու հոլովոյթին մէջ» ցուցադրութիւնը, որու ընթացքին ներկայացուած էին ազգային նուագարաններ, իսկ միւս ցուցադրութիւնը սովորաբար ժամանակակից արուեստագէտները կը ներկայացնեն, այս պարագային Ռուբէն Նաճարեանը։ Սա ունի իր յստակ բացատրութիւնը՝ Կոմիտասը զբաղուած է աւանդական երաժշտութեամբ, բայց միեւնոյն ժամանակ ան նաեւ ժամանակակից յօրինող եղած է, հետեւաբար ժամանակակից արուեստը լիովին տեղ ունի մեր թանգարանին մէջ», ըսաւ Նայիրի Խաչատուրեան։

«Գոյնէն անդին» ցուցահանդէսին աջակցած են Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը։

Ռուբէն Նաճարեան կ՚ապրի եւ կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ։ Գեղարուեստական նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի մէջ (ներքին ձեւագծողի մասնագիտութեամբ), ապա տեղափոխուած է Փարիզ՝ իր ուսումը շարունակելու։ Ռուբէն Նաճարեան մասնագիտացած է նկարչութեան եւ որմնանկարչութեան ճիւղերէ ներս։ Ունի նաեւ արուեստի պատմութեան վկայական։ Ան արժանացած է Henri Lehmann նկարչական մրցանակին Institut de France-ի կողմէ։ Տարիներ շարունակ ստեղծագործելով այս ոլորտներուն մէջ՝ հեղինակած է բազմաթիւ աշխատանքներ Ֆրանսայի, Պարսից ծոցի երկիրներու, Սինկափուրի եւ Պրունէյի մէջ։ Իր ջրանկարներով, իւղանկարներով եւ գծանկարներով հանդէս եկած է Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ կայացած հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներու ընթացքին։ 1990 թուականէն ի վեր Ռուբէն Նաճարեան կեդրոնացած է մատիտանկար գծանկարներու վրայ։

Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ հանրութեան ներկայացուած այս ժամանակաւոր ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Փետրուարի 9-ը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017