ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի Մանկական ստեղծագործութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է ազգային տօներուն նուիրուած Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական 7-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակին մէջ կազմակերպուած ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Արմէնփրէս»ին հաղորդմամբ՝ միջոցառման մասնակցած են կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներ, ցուցահանդէսին մասնակից աշակերտներու ծնողներ եւ ուսուցիչներ: Այս տարուան նկարչական մրցոյթի նիւթը հայկական ժողովրդական, եկեղեցական եւ պետական տօներն են, որոնք արտացոլուած են ցուցադրուած մանկական ստեղծագործութիւններուն մէջ: Սփիւռքի մասնակիցներու համար, որպէս ստեղծագործութիւններու խորագիր առաջարկուած է տեղական նշանակութեամբ տօներու եւ աւանդոյթներու պատկերաւորումը՝ նպատակ ունենալով բացայայտել սփիւռքի հայաշատ բնակավայրերու մէջ ձեւաւորուած ազգային աւանդոյթներու եւ տօնակատարութիւններու առանձնայատկութիւնները:

Նկարչական մրցոյթ-փառատօնը տեղի կ՚ունենայ 2010 թուականէն ի վեր՝ Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Նպատակն է նպաստել մանկական ստեղծագործութեան զարգացման, Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ շնորհալի մանուկներու յայտնաբերման: Մրցոյթ-փառատօնը աւանդաբար կ՚իրականացուի երկու փուլով: Ցուցահանդէսի բացումը կը նշանաւորէ առաջին փուլի աւարտը եւ երկրորդ փուլի սկիզբը, որ ամփոփուելէ յետոյ կը յայտարարուին վերջնական յաղթողները: 2017 թուականի մրցոյթ-փառատօնի առաջին փուլին մէջ ներկայացուած է Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի (Միացեալ Նահանգներ, Արժանթին, Եգիպտոս, Թուրքիա, Լիբանան, Ռուսաստան, Էօզպեքիստան, Իրան, Յորդանան, Ուքրայնա, Վրաստան, Քուէյթ, Ֆրանսա) 15 երկիրներու 145 հաստատութեան շուրջ 1320 աշխատանք: Ներկայացուած աշխատանքներէն ցուցահանդէսի համար ընտրուած է 190 ստեղծագործութիւն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2017