ԱՐԱՅԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՏԵՍԱՈՒՂԵՐՁ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ. «ԱՅՍՕՐ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ ՊԱՀ Է»

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այս առաւօտ հրապարակեց տեսաուղերձ մը։ Այս առթիւ ան ըսաւ. «Այսօր օրհասական պահ է. հայրենիքը պահելու կամ չպահելու։ Կ՚ակնկալեմ սփիւռքի մէջ ապրող ղարաբաղցիներու, Հայաստանի մէջ ապրող մեր եղբայրներու աշխոյժ մասնակցութիւնը մարտական գործողութիւններուն»։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020