ԿԱՐՄԻՐ ԽԱՉԻ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն յոյս յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս կողմերը կը պահպանեն հրադադարի դրութիւնը։ Երէկ, Կարմիր խաչի Եւրոասիոյ տարածքաշրջանային տնօրէն Մարթին Շուէփ Ժընեւի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ. «Մենք կը յուսանք, թէ հրադադարի վերաբերեալ մարդասիրական համաձայնութիւնը կը պահպանուի եւ այդ մէկը էական թեթեւացում մը կ՚ապահովէ բոլոր անոնց, որոնք տուժած են»։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան ըսաւ, որ իրենք ցայսօր կը շարունակեն կողմերու հետ աշխոյժ քննարկումները, սակայն տակաւին չկայ առարկայական համաձայնութիւն, որոնց շնորհիւ կրնան իրագործուիլ Ռուսաստանի միջնորդութեամբ ապահովուած պայմանաւորուածութիւնները։ «Այսօր ականատես կ՚ըլլանք աւելի քան երկու շաբաթէ ի վեր շարունակուող դաժան բռնութիւններու, որոնք կը ծաւալուին ղարաբաղեան հակամարտութեան սրացման զուգընթաց։ Մեր գնահատականով, ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս արդէն հարիւր հազարաւոր տուժածներ կան», ըսաւ Մարթին Շուէփ։

Ի լրումն այս բոլորին, տարածքաշրջանային տնօրէնը դիտել տուաւ, որ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն մշտապէս պատրաստ է աջակցելու մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուածներու մարմիններու արտայանձնման, ազատազրկուածներու ազատ արձակման։ Կողմերը պէտք է մինչ այդ փոխադարձ համաձայնութեան հասնին այս գործընթացներու ձեւաչափին շուրջ։ «Քաղաքացիական անձեր կը մահանան կամ կը վիրաւորուին կեանքը խեղող ձեւով։ Տուները, ձեռնարկութիւնները եւ երբեմնի բանուկ փողոցները փլատակներու վերածուած են։ Չջեռուցուող նկուղներու մէջ օրեր անցընող կամ իրենց տուները յանուն անվտանգութեան լքած մարդոց շարքին կան ծերեր եւ նորածիններ։ Բաց աստի, առողջապահական ամբողջ համակարգը՝ իր անձնակազմով եւ շտապօգնութեան ծառայութիւնով հանդերձ, այս օրերուն գերլարուած կ՚աշխատի՝ որոշ վայրերէ ներս նոյնիսկ ենթարկուելով ուղիղ յարձակումներու։ Շփման գծի երկու կողմերու համայնքներուն մէջ կան կորուստներ, խառնաշփոթ եւ վախ», ըսաւ Շուէփ եւ աւելցուց, որ իրենց կանխատեսումներով՝ առնուազն տասնեակ հազարաւոր մարդիկ ամբողջ տարածքաշրջանէն ներս աջակցութեան կարիք պիտի ունենան յաջորդ քանի մը ամիսներուն։

Բաց աստի, Մարթին Շուէփ ընդգծեց, որ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէն սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Կարմիր խաչին եւ Ատրպէյճանի Կարմիր մահիկին հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020