ՀԱՄԵՂ ՈՒ ՕԳՏԱԿԱՐ ՄԹԵՐՔՆԵՐ

Քորոնաժահրի համավարակի ընթացքին հարկաւոր է շատ լուրջ ուշադրութիւն դարձնել երեխաներու սննդակարգին ու դիմադրողականութեան համակարգին, քանի որ սխալ մթերքի ընտրութիւնը կրնայ լուրջ ազդեցութիւն ունենալ փոքրիկի դիմադրողականութեան համակարգի վրայ եւ դառնալ անկման պատճառ՝ դարձնելով երեխան աւելի խոցելի զանազան հիւանդութիւններու յարուցիչներու նկատմամբ։

The Health Site կայքէջը ներկայացուցած է հինգ համեղ ու օգտակար մթերք, որոնք կ՚օգնեն բարձրացնել երեխաներու մարմնի դիմադրողականութիւնը։

ՄԱԾՈՒՆ

Մածունը հարուստ է մարսողական համակարգի առողջութեան պահպանման՝ առանցքային դեր կատարող փրոպիոթիքներով, իսկ որքան առողջ է այդ համակարգը, այնքան ամուր է նաեւ դիմադրողականութեան համակարգը։ Սա պայմանաւորուած է, որ դիմադրողականութեան համակարգի բջիջներու 70 տոկոսը կը գտնուի միայն ստամոքսին ու աղիքներուն մէջ։

ՆՈՒՇ

Նուշը Է. կենասանիւթի հիանալի աղբիւր է, իսկ այս տարրը մարմնի մէջ հակաօքսիտանի դեր կը կատարէ եւ կը պահպանէ դիմադրողականութեան համակարգի աշխատանքը։ Մինչ այդ, նուշը կը պարունակէ երկաթ ու սպիտակուցներ, որոնք նոյնպէս շատ կարեւոր են դիմադրողականութեան համակարգի համար։ Այս տարածուած մթերքը կարելի է տալ երեխային առանձին կամ պարզապէս աւելցնել զայն մածունին կամ այլ ուտեստներուն։

ՔԵՖԻՐ

Երեխաները քեֆիր շատ չեն սիրեր, սակայն ան շատ օգտակար է անոնց մարմնի համար, ուստի հարկաւոր է փոքրիկներուն սորվեցնել օգտագործել այս մթերքը։ Ինչպէս մածունը, քեֆիրն ալ նոյնպէս հարուստ է փրոպիոթիքներով, ուստի շատ օգտակար է աղիքներու համար եւ պէտք է անպայման սննդակարգի մաս կազմէ։

ԱՐԵՒԱԾԱՂԻԿԻ ՍԵՐՄԵՐ

Այս սերմերը կը պարունակեն սելենիում, որ կ՚օգնէ դիմադրողականութեան համակարգին՝ վերահսկողութեան տակ պահել բջիջներու վնասման գործընթացը։ Անոնք կը պարունակեն շատ քիչ յագեցած ճարպեր, սակայն մեծ քանակութեամբ կենսանիւթեր ու երկաթ, որ շատ կարեւոր է երեխաներու մարմնի համար։ Մինչ այդ, այս սերմերը հարուստ են նաեւ Է. կենասանիւթով, որ կը պահպանէ մաշկի, մազերու ու եղունգներու առողջութիւնը։

ՄԻՍ

Միրգերը ու բանջարեղէնները շատ կարեւոր են երեխաներու համար, քանի որ հարուստ են դիմադրողականութեան համակարգը ամրապնդող օգտակար կենասանիւթերով ու հանքանիւթերով, սակայն առաւել կարեւոր է նաեւ միսը։ Ան կը պարունակէ երկաթ, զինկ, Պ.1 եւ Պ.12 կենասանիւթեր ու այլ օգտակար տարրեր, որոնք կը բարձրացնեն դիմադրողականութիւնը ու կ՚ամրապնդեն դիմադրողականութեան համակարգը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020