ՏԱՆՏԻԿԻՆՆԵՐԸ ԱՌԱՒԵԼ ՎՏԱՆԳԻ ՏԱԿ

Գիտնականները նախազգուշացուցած են COVID-19-ի համավարակի ժամանակ լուացքի վտանգաւորութեան մասին։ Այսպէս, անգլիացի գիտնականները յայտարարած են, որ կանայք աւելի հակուած են վարակուելու քորոնաժահրով, քանի որ աւելի շատ զբաղուած են տնային գործերով եւ մասնաւորապէս, աւելի շատ լուացք կը լուան:

Հետազօտողները նշած են, որ կանայք կը զբաղին տնային գործերով՝ չկասկածելով, որ COVID-19-ը կրնայ մինչեւ երեք օր կենսունակ մնալ գործուածքներու եւ մակերեսներու վրայ:

Գիտնականներու խօսքով՝ աւելի շատ վտանգի կ՚ենթարկուին այն տնտեսուհիները, որոնք կ՚ապրին տարբեր սերունդներու մարդոց հետ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020