L’OREAL-Ի ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐԸ

Աշխարհի գեղեցկագիտական խոշորագոյն աշխարհահռչակ ընկերութիւններէն մին՝ L՚Oreal, ծրագրաւորած է փակել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մանրածախ վաճառքներու առանձին կէտեր, որպէսզի վերակառուցաւորուի իր բարձր դասակարգի գործառնութիւնները համավարակի պայմաններու մէջ սպառողներու գործելակերպի լուրջ փոփոխութիւններու կապակցութեամբ: Այդ մասին, հաղորդած է Bloomberg-ը: Վերակազմումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան առաջին կէսին:

L՚Oreal Luxe-ի ամերիկեան ստորաբաժանումը, որ կը մասնագիտանայ բարձր դասակարգի գեղեցկագիտական միջոցներու բնագաւառէն ներս, մտադիր է ներդրումները վերաուղղորդել աճի այնպիսի բնագաւառներ, ինչպէս՝ ելեկտրոնային առեւտուրը, յայտնած է ընկերութիւնը՝ գործակալութեան հարցման ի պատասխան: Այդ միջոցառումները վերաբերած են ԱՄՆ-ի մէջ L՚Oreal Luxe ստորաբաժանման 400 աշխատակիցներու: Առանձին աշխատողներ կրնան անցնիլ այլ դիրքերու: Քանի խանութ ծրագրաւորուած է փակել, տակաւին չէ հաղորդուած: L՚Oreal-ը կ՚արտադրէ գեղեցկագիտական օծանելիք, մաշկի եւ մազերու խնամքի միջոցներ. նման ընկերութիւններու սեփականատէր են նաեւ Lancome, Garnier, Vichy, Maybelline եւ Kiehl՚s: Ամբողջ աշխարհի մէջ ընկերութեան մօտ կ՚աշխատի մօտաւորապէս 88 հազար մարդ:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020