ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՄԸ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՉԿԱՅ ՈՒ ՊԻՏԻ ՉԸԼԼԱՅ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վերահաստատեց, որ Երեւան երբեք չէ քննարկած ու պիտի չքննարկէ միջանցքային տրամաբանութիւնով որեւէ հարց։

Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Պաքու կը յամառի «Զանգեզուրի միջանցք» մը բանալու ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանը եւ Նախիջեւանը իրար կապելու հետամուտ յամառութիւն մըն է այս մէկը։ Հայաստան խնդիրը կ՚ընկալէ տարածքաշրջանէ ներս ընդհանրապէս հաղորդակցութիւնները ապաշրջափակելու ամբողջին մէջ։ Սա Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հերթական տարաձայնութիւնն է, որ ունի նաեւ հարեւան Իրանի տեսակէտէ ճակատագրական բնոյթ։ Թուրքիա եւս կը սատարէ Ատրպէյճանի դիրքորոշման, մինչ Ռուսաստան կը ջանայ միջնորդել՝ կողմերը հասարակաց յայտարարի մը վրայ բերելու համար։ Յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Հայաստան-Իրան բեռնափոխադրումներն ալ կը կաղան, որովհետեւ Գորիս-Կապան մայրուղիի որոշ հատուածները Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած են։ Յառաջացած խոչընդոտները լարուածութեան պատճառ դարձած են Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ։ Ստեղծուած իրավիճակի պայմաններով շահագրգիռ բոլոր մայրաքաղաքներէն իրերայաջորդ տեսակէտներ կը հնչեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

Արմէն Գրիգորեան Իրանի «Թասնիմ» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուաւ, որ Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան յաջորդած են զանազան նիւթերու շուրջ տարբեր քննարկումներ։ Եղած են ու ներկայացուած զանազան մօտեցումներ։ Իր խօսքով՝ պատերազմը տարածքաշրջանի վրայ ահռելի մեծ ազդեցութիւն գործած է։ Ան դաշտ բացած է, որպէսզի ահաբեկիչները եւ այլ պետութիւններու զինուած ուժերը ներկայ գտնուին մեր տարածքաշրջանին մէջ։ Այս բոլորի հետեւանքով ընդհանրապէս տարածքաշրջանէ ներս ապակայունութիւն ստեղծուած է։ «Մենք բազմիցս բոլորը զգուշացուցած ենք այս մասին, բայց այդ բոլորը չեն նպաստած, որ մենք կարողանանք կանխել այս գործընթացը։ Ինչ կը վերաբերի ապաշրջափակման՝ կ՚ուզեմ նշել, որ այս մասին յստակ նշուած է համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ։ Կ՚ուզեմ յստակ նշել, որ այնտեղ չկայ միջանցքի մասին որեւէ խօսք՝ թէեւ Ատրպէյճան քանիցս յայտարարած է, որ միջանցքի քննարկում մը կայ։ Կ՚ուզեմ յստակ նշել, որ Հայաստան երբեք չէ քննարկած ու պիտի չքննարկէ միջանցքային տրամաբանութիւնով որեւէ հարց», ըսաւ Գրիգորեան։

Հարցազրոյցի մէջ Արմէն Գրիգորեան դիտել տուած է, որ այս մօտեցումը ոչ միայն փոխանցուած է գործընկերներուն, այլեւ պարբերաբար նշուած հրապարակայնօրէն։ Ան յիշեցուց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, ըստ որու միջանցք չէ եղած, չկայ ու պիտի չըլլայ։ Հայաստանի կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ ունի նաեւ հանրութեան աջակցութիւնը։ «Հայաստան պատրաստ է ճանապարհ տրամադրելու, բոլոր ճանապարհները բանալու։ Այսինքն գոյութիւն ունեցող բոլոր ճանապարհները տրամադրել, որպէսզի թէ՛ Ատրպէյճան եւ թէ Թուրքիա երթեւեկելու համար օգտուին այդ ճանապարհներէն։ Բայց այդ բոլոր ճանապարհները պիտի ըլլան Հայաստանի ինքնիշխան վերահսկողութեան տակ ու այս առումով մենք թէ՛ հրապարակայնօրէն խօսած ենք եւ թէ այս մասին ըսած ենք մեր գործընկերներուն», ընդգծեց ան։

Նոյն հարցազրոյցին մէջ Արմէն Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը խտացեալ աշխատանք կը տանի Իրանի հետ ճանապարհային կապին վերաբերեալ խնդիրները լուծելու առաջադրութեամբ։ Առաջին այլընտրանքային ճանապարհը ամենայն հաւանականութեամբ պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ տարեվերջ։ Սա ընդհանուր առմամբ կարճաժամկէտ խնդիր մըն է։ «Բայց կայ աւելի կարեւոր ծրագիր մը։ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց «Հիւսիս-հարաւ»ի՝ Սիսիանէն մինչեւ Իրանի սահման ճանապարհի ծրագիրը։ Աւելի քան 1 միլիառ տոլարի արժէք ունի այս մէկը եւ ամբողջովին պիտի փոխէ տարածքաշրջանի ենթակառուցուածքները։ Այս ծրագիրը իրականացնելու ժամանակ մենք նաեւ մեր մտքին մէջ ունինք Չապահարի նաւահանգիստը Սեւ ծովուն կապելու կարեւոր ենթակառուցուածքային հանգոյց դառնալու գաղափարը։ Այս առումով կրնանք ըսել, որ ծրագիրը մեծ հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի Հայաստան-Իրան ապրանքաշրջանառութիւնը մեծցնենք», դիտել տուաւ քարտուղարը։ Արդարեւ, եթէ այժմ երկկողմանի առեւտրային շրջանառութիւնը հարիւր միլիոնաւոր տոլարի մակարդակին վրայ է, ապա այդ մէկը շուտով պէտք է հատէ միլիառ տոլարի սահմանը։ Իսկ ապագային ապրանքաշրջանառութիւնը քանի մը միլիառ տոլարի հասցնելու հնարաւորութիւնը կը ստեղծուի։ Ուստի, Արմէն Գրիգորեան կարճ խօսքով նշեց, որ ներկայիս Հայաստան եւ Իրան ունին երկկողմանի յարաբերութիւններու դրական լայն օրակարգ մը։ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանն ալ «Մեհր» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի հետ յառաջացած խնդիրներուն։ Ան յայտնեց, որ Թեհրան Պաքուէն արդիւնաւէտ քայլեր կ՚ակնկալէ՝ իրանական բեռնատարերու տարանցիկ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։ Առկայ տարակարծութիւններու մթնոլորտին մէջ Ապտուլլահիան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Պայրամովի հետ։

Հայկական լրահոսին վրայ երէկ ուշադրութիւն գրաւեցին զանազան լուրեր, ըստ որոնց Ատրպէյճանի կողմէ ձերբակալուած իրանցի վարորդները ազատ արձակուած էին։ Այդ լուրերը աւելի վերջ Պաքուի կողմէ հերքուեցան։ Թեհրանն ալ նոյնպէս հերքեց այդ տեղեկութիւնները։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ համաձայնութիւն գոյացած է՝ առաջին հերթին մարդասիրական հարցերը լուծելու համար։ Ան երէկ Երեւանի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ իր եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ միջնորդներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած մօտաւոր անցեալի տեսակցութեան ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է հայ գերիներու վերադարձման համար։ Արարատ Միրզոյեան, որ այսօր Մինսքի մէջ կը մասնակցի ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, այս յիշեցումը ըրաւ՝ եռանախագահներու դէպի տարածքաշրջան նախատեսուած այցելութեան ընդառաջ։ Ան աւելցուց, որ Նիւ Եորքի մէջ փոխադարձ ըմբռնում մը գոյացած էր գործընթացը շարունակելու եւ նոր հանդիպում մը կազմակերպելու շուրջ։ Մարդասիրական խնդիրներու լուծումէն վերջ ապագային կողմերը ձեռնամուխ պիտի ըլլան համանախագահութեան լիազօրութեան հիմնական բաղադրիչին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ քննարկումներուն։ Հայկական կողմը կ՚ողջունէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս բանակցութիւններու վերսկսումը։ Երեւան հիմնախնդրի լուծումը կը տեսնէ միայն այս ձեւաչափով խաղաղ բանակցութիւններու միջոցաւ եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան լիազօրութեան շրջանակին մէջ։

Այսօր ԱՊՀ-ի ժողովին առթիւ Միրզոյեանի առընթեր Մինսքի մէջ է նաեւ Պայրամով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2021