ԵՐԵՒԱՆԻ 18-ՐԴ «ՏԻՃԻԹԵՔ»Ը ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Տիճիթեք-2023» տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եռօրեայ տօնավաճառը, որ կազմակերպուած է 18-րդ անգամ։ Սա, ըստ էութեան, մեծ ցուցահանդէս մըն է, որուն կը մասնակցին բազում ընկերութիւններ, որոնք կ՚արտադրեն տրոններ, ելեկտրական մեքենաներ, կը զբաղին գիտահետազօտական ու տիեզերական հետազօտութիւններով, կը կատարեն ծրագրային ապահովման աութսորս ու կ՚իրականացնեն տեղական արտադրութիւն։

«Թեքնոլոժիները ամուր են» կարգախօսով կազմակերպուած է 18-րդ «Տիճիթեք»ը, որ կը թիրախաւորէ երեք հիմնական ուղղութիւն։ Առաջին՝ հայկական արհեստագիտական աշխարհի ներկայացուցիչները իրարու կապել։ Երկրորդ՝ թեքնոլոժիներէ դուրս հասարակութեան ու կառավարման մարմիններու աշխատակիցներուն ծանօթացնել զարգացումները։ Երրորդ՝ միջազգային շուկայի քարտէսին վրայ ամրացնել հայկական արհեստագիտութիւնները։

«Տիճիթեք»ի գլխաւոր կազմակերպիչն է Առաջատար թեքնոլոժիներու ձեռնարկութիւններու միութիւնը, որ նախապէս կը կոչուէր՝ Տեղեկատուական թեքնոլոժիներու ձեռնարկութիւններու միութիւն։ Այս տարուան տօնավաճառը լուսաբանելու համար Երեւան մեկնած են միջազգային շարք մը ազդու լրատուամիջոցներէ թղթակիցներ. օրինակ՝ «Forbes», «The Independant»։ Այցելուներուն համար մուտքը ազատ է, սակայն արձանագրութիւնը պարտադիր։

«Տիճիթեք»ի կազմակերպիչները «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին յայտնած են, թէ մարդիկ կը տեսնեն, որ երկրի ապագան նաեւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու ոլորտին մէջ է։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023