ՓՈՒԹԻՆ ՈՐԵՒԷ ԽՈՉԸՆԴՈՏ ՉԻ ՏԵՍՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ այժմ՝ Ղարաբաղի իրադարձութիւններէն վերջ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար։ «Համոզուած եմ, թէ սա միանգամայն հնարաւոր է։ Կան զուտ թեքնիք հարցեր՝ կապուած սահմանազատման ու սահմանագծման հետ։ Թեքնիք հարցեր՝ հարիւր մեթր այս կողմ, մէկ քիլօմեթր այն կողմ. սա արդէն կարեւոր չէ։ Կը կարծեմ՝ երկու կողմէն ալ բարի կամքի պարագային այն բոլորը կարելի է ընել։ Մոսկուա պատրաստ է բանակցութիւններ կազմակերպել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ՝ խաղաղութեան ծրագրի ապագայ մշակման», ըսաւ Փութին՝ ԱՊՀ-ի Պիշքեքի գագաթաժողովէն վերջ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Ան որպէս սկիզբ առաջարկեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն մակարդակով հանդիպում մը Մոսկուայի մէջ։ «Վերջնական արդիւնքը խաղաղութեան համաձայնագիրը կ՚ըլլայ», ըսաւ Փութին, որու համոզմամբ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Փրակի մէջ Ղարաբաղի հարցը փակած է։ «Ղարաբաղը վերջնականօրէն դարձած է Ատրպէյճանի մաս՝ ո՛չ թէ հիմա, այլ անցեալ տարի Փրակի մէջ, ուր վարչապետ Փաշինեան ըրաւ յայտարարութիւն մը, որ արմատապէս փոխեց Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Փրակի մէջ այս հարցը փակեց՝ նոյնիսկ քառակուսի քիլօմեթրով նշելով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքը», աւելցուց ան։

Պիշքեքի յայտարարութիւններուն մէջ ան նշեց, որ ռուս խաղաղապահները մինչեւ 2025 թուականի նոյեմբերը պաշտօնապէս պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնան։ «Ղարաբաղի կարգավիճակը վերջնական, այնուամենայնիւ, որոշուած չէր, իսկ երբ Հայաստան ճանչցաւ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մէկ մասն է, այդ ժամանակ ստացուեցաւ, որ մեր խաղաղապահները արդէն հաստատ, առանց որեւէ կասկածի կը գտնուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքին մէջ», աւելցուց Փութին, որ մեկնաբանեց նաեւ Պիշքեքէն Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բացակայութիւնը։ Իր խօսքով՝ Հայաստան ԱՊՀ-էն որեւէ տեղ չ՚երթար, իսկ Փաշինեանի բացակայութիւնը պայմանաւորուած է միանգամայն հասկնալի պայմաններով։ Հարցումի մը պատասխանելով ան ըսաւ, որ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ կայ համապատասխան աշխատանքային օրակարգ եւ պատկան մարմիններու աշխատանքը չէ դադրած։ Ան ըսաւ, որ բնականոն իրավիճակի պարագային ինք կ՚երթայ Հայաստան, Փաշինեանն ալ՝ Ռուսաստան։

Իր կարգին, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքովն ալ երէկ յայտնեց, որ տրամաբանական կ՚ըլլայ, եթէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը՝ որպէս կարգաւորման հարթակ ընդունին Ռուսաստանը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանն ալ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած է զրոյցը։ Ըստ Տէր-Պետրոսեանի բանբերին՝ անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանի կայունացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած Արցախի հայերու մարդասիրական կարիքներու լիարժէք բաւարարման խնդիրներուն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023