«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ» ՆԱԽԱԳԻԾԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ կլոպալ փոփոխութիւնները «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին համաշխարհային նշանակութիւն կը վերագրեն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վարչապետ Փաշինեան շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ. միաւորելով անվտանգութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը» խորագրեալ համաժողովի շրջանակներէն ներս։ Այս փուլին ան շեշտեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի կարեւորութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ։ «Մենք, ըստ էութեան, նախագիծը կ՚ընկալենք տարածաշրջանային տրամաբանութեան մէջ, բայց, կլոպալ փոփոխութիւնները՝ «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագծին համաշխարհային նշանակութիւն կը վերագրեն։ Ուքրայնայի իրադարձութիւններուն պատճառով յառաջացած են խնդիրներ ապրանքներու եւ ուղեւորներու հոսքի տեսանկիւնէն։ Արդիւնաբերական գերծանրաբեռնուած շրջաններէն մեծ հոսքեր ուղղուած են դէպի Եւրոպա, ընդ որում՝ այդ հոսքերու մեծ մասը Ռուսաստանով ընթացած է դէպի Արեւմուտք», ըսաւ ան։
Համաժողովի ընթացքին վարչապետը բացատրեց, որ Ռուսաստան-Արեւմուտք սահմանի անցանելիութիւնը էականօրէն նուազած է Ուքրայնոյ իրադարձութիւններուն, պատժամիջոցներուն եւ քաղաքական յարաբերութիւններու բարդացման պատճառներով։ «Ու մենք կը տեսնենք, որ խնդիր կը յառաջանայ հարիւրաւոր միլիառ տոլարներու ապրաքներու հոսքի ճանապարհին։ Սա է պատճառը, որ հարիւրաւոր միլիառներու ապրանքներ այժմ նոր ուղիներ կը փնտռեն դէպի ամենամեծ շուկաներ հասնելու համար», շարունակեց ան եւ ընդգծեց, որ այդ ապրանքներու շարժը միակողմանի չէ, ինչպէս Արեւելքէն դէպի Արեւմուտք, այնպէս ալ Արեւմուտքէն դէպի Արեւելք։
«Հիմա հարիւր միլիառաւոր տոլարներու ապրանքներ ճանապարհ կը փնտռեն դէպի Արեւմուտք։ Ահա սա է պատճառը, որ «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագիծը ժամանակի հետ տարածաշրջանային իմաստէն աւելի ձեռք կը բերէ համաշխարհային նշանակութիւն», նշեց ան եւ աւելցուց, որ տարածաշրջանէն ներս Հայաստանի սահմաններու 70 եւ աւելի տոկոսին անշարժ վիճակ է։ Սահմանները չեն ծառայեր այդ ապրանքներու հոսքը ապահովելու գործին։ Եւ ահա «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագծի իմաստը կը բիւրեղանայ այն կէտին վրայ, ուր Հայաստան կրնայ իր ներդրումը ունենալ այդ տնտեսական հսկայական հոսքերու սպասարկման առումով։ Ընդ որում, այստեղ ամենեւին երկրորդական նշանակութիւն չունին Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու կարիքները՝ ներմուծման եւ արտածման առումով։ «Հիմնական գաղափարը այն է, որ Հայաստան թէ՛ արեւելքէն դէպի արեւմուտք եւ թէ արեւմուտքէ դէպի արեւելք, թէ՛ հարաւէն դէպի հիւսիս եւ թէ հիւսիսէն դէպի հարաւ այդ ապրանքներու եւ ծառայութիւններու մատուցման ճանապարհին առաջարկէ իր ծառայութիւնները», ըսաւ վարչապետը, որ հերքեց այն մեկնաբանութիւնները, ըստ որոնց՝ «Խաղաղութեան խաչմերուակ» նախագիծը Հայաստանի կառավարութեան դուրսէն պատրաստուած է։
Ելոյթին տեւողութեան Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, որ «Խաղաղութեան խաչմերուակ»ը կրնայ ստեղծել տնտեսական նախադրեալներ անվտանգութեան եւ կայունութեան համար։ Մինչ այդ, Ատրպէյճան կը մտահոգուի, որ այս նախագծին շնորհիւ Հայաստան կրնայ տասնեակ միլիառի օգուտներ ապահովել։ Ան համոզուած է, թէ այս փաստը երկու հաւանական մտահոգութենէ ծնունդ կ՚առնէ։ «Առաջինը՝ եթէ Ատրպէյճան անկեղծ կը մտածէ, որ ռազմավարական հեռանկարով Հայաստան յարձակողական ծրագիրներ ունի իր դէմ, ապա սա կրնայ ստեղծել ընկալում, թէ այդ տասնեակ միլիառաւոր տոլարները կրնան օգտագործուիլ ընդդէմ իրեն։ Բայց կայ նաեւ հակադարձը, որ, եթէ Ատրպէյճան յարձակողական մտադրութիւններ ունի Հայաստանի դէմ, ապա կրնայ մտահոգուիլ, որովհետեւ այդ տասնեակ միլիառաւոր տոլարները կրնան օգտագործուիլ Հայաստանի պաշտպանութիւնը բարձրացնելու համար եւ Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ իր յարձակողական ծրագիրները իրականացնելու տեսակէտէ խնդիրներ կրնայ ունենալ», ըսաւ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ եթէ Ատրպէյճանի խորքային մտահոգութիւնը առաջինն է, ապա սա փարատելի մտահոգութիւն մըն է։ Հայաստան բարձրագոյն մակարդակի վրայ իր իրականացուցած ռազմավարական քաղաքականութիւններով կ՚արձանագրէ, որ Ատրպէյճանի եւ տարածաշրջանի միւս երկիրներուն դէմ որեւէ նկրտում չունի։ «Մենք կը ճանչնանք մեր բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութիւնը», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը պատրաստ է օրինական պարտաւորութիւններ ստանձնելու այս ուղղութեամբ։ Համաժողովի ընթացքին վարչապետը բացատրեց, որ Ատրպէյճան կ՚ուզէ Հայաստանի ճանապարհները օգտագործել իրեն համար, բայց, կ՚ուզէ նաեւ, որ Հայաստան շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ։
Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցին եւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի յայտարարութեան 9-րդ կէտին վերաբերեալ խօսակցութիւններուն անդրադառնալով՝ Նիկոլ Փաշինեան բացատրեց, որ անընդունելի կը համարէ ոեւէ մէկուն կողմէ այդ յայտարարութեան միայն մէկ կէտին ձեռք առնուիլն ու անոր վրայ շեշտադրում կատարուիլը։ «Եկէ՛ք, անդրադառնանք մնացած կէտերուն։ Իսկ ո՞ւր է հիմա Լաչինի միջանցքը, իսկ ո՞ւր են հիմա խաղաղապահները, որոնք եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ պէտք է տեղակայուած ըլլային Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, իսկ ո՞ւր է եռակողմանի յայտարարութեան 7-րդ կէտը, որով կը սպասուէր, թէ ներքին տեղահանուած անձերն ու փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքեւ։ Ինչո՞ւ ներքին տեղահանուած անձերն ու փախստականները չեն վերադարձած եւ չեն վերադառնար Լեռնային Ղարաբաղ, ինչո՞ւ այդ ամէնը տեղի չ՚ունենար», հարց տուաւ վարչապետը։ Բաց աստի, ան նկատեց, որ Ատրպէյճան միշտ կը խօսի անհետ կորսուածներու խնդրին մասին, բայց, Հայաստան այսօր շուրջ հազար անհետ կորսուած մարդոց ցուցակը ունի։ Անոնց ճակատագիրը նոյնպէս պէտք է պարզաբանուի։ «Եթէ մենք կ՚ուզենք անդրադառնալ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի յայտարարութեան, ուրեմն, պէտք է երթանք, սկսինք կարդալ վերնագիրէն եւ նախադասութիւն առ նախադասութիւն խօսինք անոր իրագործման մասին», ըսաւ Փաշինեան։
Միւս կողմէ, նոյն համաժողովի ընթացքին Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանն ալ յայտնեց, որ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը, որ տեղակայուած է երկրին մէջ, թափանցիկութիւն կ՚ապահովէ տարածաշրջանին համար։