ԱՐՑԱԽԻՆ ԲՈՐՈՔԸ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՎԱՐԴԱՆ ՍԸՐՄԱՔԷՇԻՆ ԴԷՄ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ ԱՐՇԱՒԱՆՔԻՆ ՀԱՄԱՐ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբեր Դաւիթ Պապայեան նախընթաց օր անդրադարձաւ զուիցերահպատակ սփիւռքահայ յայտնի գործարար ու բարերար Վարդան Սըրմաքէշի դէմ «Էնթերփոլ»ի միջոցաւ միջազգային հետախուզում յայտարարուելուն։ Ծանօթ է, որ Վարդան Սըրմաքէշ միեւնոյն ժամանակ Մարսէյլի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոսն է եւ Ատրպէյճան պահանջած է, որ իր դէմ միջազգային հետախուզման ձեռնարկուի «Էնթերփոլ»ի միջոցաւ։ Ըստ Դաւիթ Պապայեանի, Ատրպէյճան աւելորդ անգամ ցոյց կու տայ իր զարգացման մակարդակն ու իսկական դէմքը։ Սա ապացոյցն է այն անբնականոն իրավիճակին, որ կայ այդ պետութեան մէջ։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան յայտարարութիւններ ընելով՝ Դաւիթ Պապայեան շեշտեց, որ այս պարագային յստակ դիրքորոշում պէտք է ցուցաբերեն նաեւ միջազգային հանրութիւնը եւ առաջին հերթին Զուիցերիան։ Արդարեւ, այս ձեւով Ատրպէյճան ոչ միայն կ՚ոտնահարէ ժողովրդավարութեան սկզբունքները, քաղաքացիական հասարակութեան իրաւունքները, այլեւ կը միջամտէ Զուիցերիոյ ներքին գործերուն։ Ակնյայտ է, որ այս քայլը պայմանաւորուած է Սըրմաքէշի ազգային պատկանելիութեամբ, որովհետեւ ան հայ է ու բարեգործական մեծ ծրագրեր կ՚իրականացնէ Արցախի մէջ։ Դաւիթ Պապայեանի խօսքերով, Ատրպէյճանի այս վարքագիծը հարուած է նաեւ բարեգործութեան ու մարդասիրութեան դէմ։ Իր համոզմամբ, միջազգային հանրութիւնը պէտք չէ առաջնորդուի մարդասիրական քայլերով, այլ պէտք է փորձէ կանխել մարտահրաւէներն ու ապագայ վտանգները։ «Չի բացառուիր, որ հետագային արդէն Ատրպէյճան փորձեր կը կատարէ այդ մարդոց դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Պապայեան։
Ատրպէյճանի «Թուրան» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ Պաքուի Նարիմանովի շրջանի դատարանը Նոյեմբերի 11-ին Զուիցերիոյ քաղաքացի Վարդան Սըրմաքէշի դէմ խափանման միջոց ընտրած է ձերբակալութիւնը եւ այդ որոշումը ի կատար ածելու նպատակով դիմած՝ «Էնթերփոլ»ին։ Աւելի առաջ Ատրպէյճանի Աւագ դատախազութիւնը դիմած էր Զուիցերիոյ՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու եւ այնտեղ ձեռներէցութեամբ զբաղելու համար Վարդան Սըրմաքէշը քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու պահանջով։ Զուիցերիոյ քաղաքացի Վարդան Սըրմաքէշ «Ֆրանք Միւլլէր» յայտնի ժամացոյցները արտադրող ընկերութեան սեփականատէրն է ու գործադիր տնօրէնը։ Այդ մէկը ներկայացուցչութիւն մը ունի նաեւ Հայաստանի մէջ։ Ան ներդրումներ կ՚իրականացնէ Հայաստանի տնտեսութեան մէջ։ Բաց աստի, «Արմսուիսպանք»ի բաժնետոմսերու 80 տոկոսին եւ «Արցախպանք»ի բանժետոմերու 25.6 տոկոսին սեփականատէրն է։ Վարդան Սըրմաքէշի նախագծերէն մին է «Հին Երեւան» ճարտարապետական նախագիծը, որուն համար ան մտադիր է ներդնել 150 միլիոն ամերիկեան տոլար։ Զուիցերահայ գործարարին միջոցներով Լեռնային Ղարաբաղի Մարտակերտի շրջանի Մատաղիս գիւղին մէջ հիմնադրուած է ձկնաբուծութեան ձեռնարկութիւն։ Այս բոլորը Վարդան Սըրմաքէշի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ըրածներուն միայն մէկ մասը կը համարուին։
Հարկ է նշել, որ Վարդան Սըրմաքէշ նախկին պոլսահայ մըն է։