ՄՂՁԱՒԱՆՋ…
Փարիզի մէջ երէկ գիշեր բառին բուն իմաստով ապրուեցաւ մղձաւանջ մը։ Ֆրանսայէն հասած լուրերը ահուսարսափ պատճառեցին համայն աշխարհին։ Երէկ երեկոյեան եօթ տարբեր կէտերու վրայ համաժամանակեայ ահաբեկչական յարձակումներ ապրուեցան ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ։ Այսպէս, Փարիզի հիւսիսին՝ «Սթատ Տը Ֆրանս»ի մէջ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու հանդիպման ժամանակ պատահած յարձակման առընթեր մայրաքաղաքի կեդրոնի արեւելեան հատուածի վեց կէտերուն վրայ գրեթէ նոյնաժամանակ պատահեցան ահեբեկչական յարձակումները, որոնց զոհերու թիւը կը հասնի 150-ի սահմանին։
Ներկայ պայմաններով կասկածները ըստ էութեան կը կեդրոնանան «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման վրայ, մանաւանդ, որ Ֆրանսա մաս կը կազմէ անոր դէմ ստեղծուած միջազգային համախոհութեան։ Ռազմադաշտի վերածուած ֆրանսական մայրաքաղաքին մէջ ապրուած այս դէպքը աննախընթաց է եւ անբաղդատելիօրէն աւելի ծանրակշիռ՝ քան տարեմուտին պատահած «Շարլի Էպտօ»ի ցնցումը։ Համերգասրահներու եւ ճաշարաններու մէջ պատանդ վերցուած մարդոց վայրագօրէն սպանութեան հետեւանքով զոհերուն թիւը եղած է այսքան բարձր։ Ահուսարսափ յառաջացած է քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհէն ներս եւ միջազգային գետնի վրայ բոլորը ունին այն համոզումը, թէ այս յարձակումը իրականութեան մէջ գործուած է մարդկութեան դէմ։
Փարիզի մէջ ապրուած երէկուան մղձաւանջի մթնոլորտին մէջ, անմիջապէս հեռատեսիլի պաստառներուն վրայ յայտնուեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ, որ իր պատգամը շատ յուզուած շեշտով մը փոխանցեց իր երկրի քաղաքացիներուն։ Օլանտ ահաբեկչութեան դէմ զօրաւոր հանդէս գալու կոչ ուղղեց համայն Ֆրանսային ու միեւնոյն ժամանակ յայտարարութիւններ ըրաւ ձեռք առնուած լայնածաւալ անվտանգութեան միջոցներուն մասին։ Այսպէս, ֆրանսացի ղեկավարը ամբողջ երկրէն ներս հռչակեց արտակարգ դրութիւն ու փակուեցան երկրին բոլոր սահմանները։ Ֆրանսական պետութիւնը, ամբողջական իմաստով անցած է ահազանգային վիճակի։ Էլիզէի պալատին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ կառավարութեան արտահերթ նիստ։ Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութենէն ներս ալ անմիջապէս ճգնաժամային խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ, իսկ այս առաւօտ ժողով մը գումարեց երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը։
Ֆրանսական պետութեան այս բոլոր գործողութիւնները տեղի կ՚ունենան միջազգային մեծ զօրակցութեան մը մթնոլորտին մէջ։ Արդարեւ, դէպքի պատահած առաջին պահերէն իսկ սկսեալ միջազգային յառաջատար դերակատարները իրերայաջորդ պախարակեցին ապրուած այս տմարդի ահաբեկչութիւնը։ ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպամա, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ, Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի եւ այլ բազմաթիւ ղեկավարներ ցաւակցութիւն յայտնեցին Ֆրանսային։
Փարիզի ղեկավարութեան փութով վշտակցութիւններ ուղարկուեցան նաեւ Անգարայէն եւ Երեւանէն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու անմիջապէս տեղեկացուցին իրենց վշտակցութիւնները։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ ցաւակցական մը ուղարկեց իր ֆրանսացի պաշտօնակից Օլանտին։