ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ
«Պիլկի» համալսարանի Տոլափտէրէի մասնաճիւղէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ շահեկան խորհրդաժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան երկրի փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ կարեւոր նիւթեր։ Այս հաւաքոյթը, իր ամբողջին մէջ, խոշորացոյցի տակ բերաւ մտայնութիւններ եւ դիտարկումներ, որոնք ընկերային մետիաի այսօրուան լուրջ ազդեցութեան պայմաններով կ՚անդրադառնան երկրի փոքրամասնութիւններուն վրայ։
«Ընկերային մետիան եւ փոքրամասնութիւնները՝ արտայայտութեան ազատութեան եւ ատելութեան ատենաբանութեան հակասութեան մէջ» խորագրեալ այս հաւաքոյթը կը կրէր Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ հասարակական երկխօսութեան մը բնոյթը։ Յոյն համայնքէն յայտնի հասարակական գործիչ Լաքի Վինկասի ջանքերով յառաջ տարուած այս ծրագրին պատասխանատուն եղած է Ենիգիւղի Փանաիա Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդը։ Տասնհինգ ամսուան աշխատանքի մը արդիւնքն էր երէկուան խորհրդաժողովը։ Հետազօտութիւն մը կատարուած էր Թուրքիոյ մէջ ընկերային մետիաին կողմէ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ որդեգրուած ընթացքին շուրջ։ Զուգահեռաբար հետազօտութիւն մըն ալ կատարուած է Յունաստանի մէջ մահմետական փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ եղած վերաբերմունքին շուրջ։ Եւրոմիութեան գծով նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած հասարակական երկխօսութեան ծրագրին շրջագծով գանձատրուած աշխատանք մը եղած է այս մէկը։ Նախագծի գործընկերները եղած են՝ «Պիլկի» համալսարանի Մարդու իրաւանց իրաւունքի գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնը եւ Յունաստանէն՝ Եւրոպայի եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնարկը։ Խորհրդակցական մարմնի մը ցուցմունքներուն հիման վրայ կազմակերպուած է խորհրդաժողովը։
Երէկ առաւօտ խորհրդաժողովը սկսաւ ծրագրի ընդհանուր պատասխանատու Լաքի Վինկասի եւ «Պիլկի» համալսարանի Իրաւաբանական ֆաքիւլթէի տեսուչ (եւ անոր յարակից գործընկեր կեդրոնի տնօրէն) Փրոֆ. Թուրկուտ Թարհանլըի ողջոյնի խօսքերով։
Ծրագրի ծանօթացումէն եւ հարցախոյզներու արդիւնքներու մատուցումէն վերջ սկսան նիստերը։ Օրուան առաջին կէսին քննարկուեցան ընկերային մետիաին, արտայայտութեան ազատութեան եւ ատելութեան ատենաբանութեան վերաբերեալ խնդիրներ։ Երկրորդ նիստի օրակարգին վրայ էին ընկերային մետիան եւ հասարակական փոփոխութիւնները։ Երրորդ նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ընկերային մետիաի դերակատարութիւնը՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու ապագային տեսանկիւնէն։
Նիստերէն վերջ օրուան տեւողութեան կատարուած աշխատանքը ամփոփուեցաւ եւ այսպէսով աւարտին հասաւ սոյն խորհրդաժողովը, որու աշխատանքային լեզուներն էին թրքերէնն ու անգլերէնը։