ՉԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ…

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը պատ­րաս­տուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա-խընդ­րին շուրջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ ՄԱԿ-ի մօտ։ Ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին Նիւ Եոր­քի մէջ ՄԱԿ-ի կեդ­րո­նին ա­ռըն­թեր կը ծրագ­րեն հան­դի­պում­ներ ու­նե­նալ նաեւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ Ա­նոնք Նիւ Եոր­քի եւ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ կը նա­խա­տե­սեն խոր-հըր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նալ խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման շուրջ։

Հարկ է նշել, որ վեր­ջին օ­րե­րուն միջ­նորդ­նե­րուն գոր­ծու­նէու­թիւ­նը թափ ստա­ցած է լրջօ­րէն։ Ա­նոնք Պեր­լի­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցան ԵԱՀԿ-ի յա­ջորդ շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթան­մա­յէ­րի հետ։ Հա­մա­խա­գահ­նե­րը ա­ւե­լի վերջ ան­ցան Վիեն­նա, ուր զե­կոյց մը ներ­կա­յա­ցու­ցին ԵԱՀԿ-ի Մշտա­կան խոր­հուր­դին եւ Մինս­քեան խմբա­կին հա­մար։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Անգ­լիոյ մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Շան Մըք­լէոթ տե­ղե­կա­ցուց, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ան­հանգս­տա­ցած են Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս քա­ղա­քա­ցիա­կան բնակ­չու­թեան դէմ ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան վտան­գէն։ Ա­նոնք յոյս յայտ­նած են Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի մի­ջեւ շու­տա­փոյթ հան­դի­պում մը կազ­մա­կեր­պե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին ձե­ւա­չա­փը փո­խե­լու փոր­ձե­րը կը խո­չըն­դո­տեն կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցի յա­ռա­ջըն­թա­ցը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին (ԵԽԽՎ) մօտ այս հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ քննար­կուող բա­նա­ձե­ւին՝ միջ­նորդ­նե­րը յայ­տա­րա­րե­ցին հե­տե­ւեա­լը. «Հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կար­գա­ւո­րե­լու հա­մար ա­ռա­ջարկ­ներ կը հնչեն նոր բա­նակ­ցա­յին ձե­ւա­չա­փե­րու եւ աշ­խա­տան­քա­յին խում­բե­րու ստեղծ­ման մա­սին։ Մենք կը կար­ծենք, որ Մինս­քեան խմբա­կը միջ­նոր­դա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան բա­ցա­ռիկ փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի։ Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փը ըն­դու­նե­լի է կող­մե­րուն հա­մար ու կը վա­յե­լէ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն լիար­ժէք վստա­հու­թիւ­նը։ Հա­շուի առ­նե­լով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու զգայ­նու­թիւ­նը՝ ձե­ւա­չափ փո­խե­լու փոր­ձե­րը կամ զու­գա­հեռ դրու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծու­մը, կրնան խախ­տել բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը եւ խո­չըն­դո­տել կար­գա­ւոր­ման յա­ռա­ջըն­թա­ցը»։

­Միջ­նորդ­նե­րը ե­րէկ ի­րենց կող­մէ հրա­պա­րա­կուած հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ընդգ­ծե­ցին, թէ պատ­րաստ են հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու մի­ջազ­գա­յին բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնք հե­տաքրք­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րեն հա­կա­մար­տու­թեան ար­դար եւ կա­յուն կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ «Մենք ի գի­տու­թիւն կ՚ըն­դու­նինք ԵԽԽՎ-ի ու­շադ­րու­թիւ­նը ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման նկատ­մամբ։ Մենք կը բաժ­նենք մտա­հո­գու­թիւ­նը, որ տեղ գտած է բա­նա­ձե­ւին մէջ՝ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սահ­ման­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ շփման գծի եր­կայն­քով լա­րուա­ծու­թեան ա­ճին վե­րա­բե­րեալ։ Մենք խոր ափ­սո­սանք կը յայտ­նենք մարդ­կա­յին զո­հե­րուն, նե­րա­ռեալ քա­ղա­քա­ցիա­կան ան­ձե­րու մա­հուան դէպ­քե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ», նշած են միջ­նորդ­նե­րը՝ հա­մա­ձայ­նե­լով, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը տե­ւած է շատ եր­կար։ Ուս­տի, կող­մե­րը պէտք է անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րու ձեռ­նար­կեն՝ խա­ղաղ կար­գա­ւո­րու­մը ա­րա­գաց­նե­լու հա­մար։ Վիեն­նա­յի մէջ հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ միջ­նորդ­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին, որ կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է հիմ­նուած ըլ­լայ կող­մե­րու փո­խա­դարձ հա­մա­ձայ­նու­թեան վրայ, ինչ որ շեշ­տուած է Ֆրան­սա­յի, Ռու­սաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի նա­խա­գահ­նե­րու հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ եւ կը վա­յե­լէ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը։ Հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ընդ­ծե­ցին, որ ԵԱՀԿ-ի կող­մէ հաս­տա­տուած ի­րենց լիա­զօ­րու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս ի­րենք պի­տի շա­րու­նա­կեն ա­ջակ­ցիլ հա­կա­մարտ կող­մե­րուն։ Ըստ ի­րենց լիա­զօ­րու­թեան՝ ա­նոնց խնդիրն է նպաս­տել հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման, մաս­նա­ւո­րա­պէս, խթա­նել բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը՝ հա­մա­պար­փակ կար­գա­ւոր­ման հաս­նե­լու հա­մար։ «Մենք ո­րո­շա­կի պաշ­տօն­նե­րու նշա­նա­կուած դա­տա­ւոր­ներ չենք եւ ոչ ալ փաս­տա­բան­ներ», նշուած է միջ­նորդ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։

ՍԱ­ՀԱ­ԿԵԱ­ՆԻ ՄՈՍ­ԿՈ­ՒԱ ԱՅ­ՑԸ

Միջ­նորդ­նե­րու այս հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեան զու­գա­հեռ՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան Մոս­կուա­յի մէջ յայ­տա­րա­րեց, որ Ար­ցախ եր­բեք պի­տի չըլ­լայ Ատրպէյ­ճա­նի մաս։ «Ռեկ­նում» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թեան մօտ կազ­մա­կեր­պուած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ան ը­սաւ, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պե­տու­թիւն­նե­րու կող­մէ ճա­նա­չու­մը կա­խում ու­նի ժա­մա­նա­կէ եւ քրտնա­ջան աշ­խա­տան­քէ։ Ըստ Սա­հա­կեա­նի, Ար­ցախ կը ձգտի կա­յուն եւ սերտ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ ու­նե­նալ այն բո­լոր եր­կիր­նե­րուն հետ, ուր կ՚ապ­րի հա­յոց սփիւռ­քը։ Խօ­սե­լով շփման գծի վրայ տի­րող ի­րա­վի­ճա­կին շուրջ՝ Բա­կօ Սա­հա­կեան ընդգ­ծեց, որ ի տար­բե­րու­թիւն Ատր­պէյ­ճա­նի՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ կը փորձէ ա­մէն ինչ ը­նել, որ­պէս­զի լա­րուա­ծու­թիւ­նը նուա­զի եւ մի­ջազ­գա­յին միջ­նորդ­նե­րուն ջան­քե­րը խթա­նուին։ Բա­կօ Սա­հա­կեան կրկնեց նաեւ, որ ա­ռանց բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ուղ­ղա­կի մաս­նակ­ցու­թեան՝ հնա­րա­ւոր չէ կար­գա­ւո­րել այս հիմ­նախն­դի­րը։ Ըստ ի­րեն, մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը պէտք է ըն­դու­նի այս բա­նը եւ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Ար­ցա­խի միա­նա­լէն յե­տոյ միայն հնա­րա­ւոր է կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թաց ար­ձա­նագ­րել։

Հարկ է նշել, որ Սա­հա­կեա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու բո­վան­դա­կու­թեան ա­ռըն­թեր ե­րե­ւոյթն ալ ինք­նին յատ­կան­շա­կան էր, ո­րով­հե­տեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ մը ա­ռա­ջին ան­գամ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով հան­դէս ե­կաւ Ռու­սաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ։ Ան շեշ­տեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ աշ­խար­հի ա­մե­նաա­պա­հով, ա­րագ զար­գա­ցող եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան պե­տու­թիւնն է, հա­կա­ռակ, որ չէ ճանչ­ցուած միւս պե­տու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։

Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի Մոս­կուա­յի մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ե­րե­ւոյ­թը «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին հա­մար մեկ­նա­բա­նե­ցին Հա­յաս­տա­նի նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ա­լեք­սանտր Ար­զու­մա­նեան եւ Դա­մաս­կո­սի մօտ նախ­կին դես­պան Դա­ւիթ Յով­հան­նի­սեան։ Ա­նոնք յատ­կա­պէս ծան­րա­ցած են Սա­հա­կեա­նի ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած՝ Ստե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­կա­յա­նի օգ­տա­գործ­ման նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն վրայ։ Ա­լեք­սանտր Ար­զու­մա­նեա­նի կար­ծի­քով՝ Ար­ցա­խի օ­դա­կա­յա­նը կա­րե­ւոր է Ռու­սաս­տա­նի հա­մար եւ այժմ այս խնդի­րը օ­րա­կար­գի վրայ բե­րե­լով Մոս­կուա կը փոր­ձար­կէ այդ մէ­կը օգ­տա­գոր­ծե­լու գա­ղա­փա­րը։

«Ռեկ­նում» գոր­ծա­կա­լու­թեան տնօ­րէն Մո­տեսթ Քո­լե­րո­յի հարց­ման պա­տաս­խա­նե­լով՝ Բա­կօ Սա­հա­կեան Մոս­կուա­յի մէջ յայտ­նած էր, որ հնա­րա­ւոր կը նկա­տէ Ստե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­կա­յա­նի օգ­տա­գործ­ման յանձ­նուե­լէ վերջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի միա­նա­լը՝ Մեր­ձա­ւոր ու Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան հա­մա­խո­հու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ան ը­սած էր, թէ Ստե­փա­նա­կերտ պատ­րաստ է հա­կաա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հար­ցը քննար­կել՝ օ­դա­կա­յա­նի օգ­տա­գոր­ծու­մէն վերջ։ Ու­շագ­րաւ կը հա­մա­րուի նաեւ այն ման­րա­մաս­նու­թիւ­նը, թէ Քո­լե­րօ իր հար­ցը բա­նա­ձե­ւե­լու ժա­մա­նակ չէ օգ­տա­գոր­ծած «Սու­րիա» ա­նու­նը ու չէ յստա­կա­ցու­ցած, թէ իր խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ռու­սա­կա՞ն, թէ ոչ ա­րեւմ­տեան հա­մա­խո­հու­թեան։

Ա­լեք­սանտր Ար­զու­մա­նեան «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նին հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ Քո­լե­րօ ռու­սա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն մօտ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է եւ իր գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հնչեց­նէ իշ­խա­նա­կան տե­սա­կէտ­ներ։ Ըստ իր են­թադ­րու­թիւն­նե­րուն, սա թե­րեւս գա­ղա­փա­րի փոր­ձար­կում մըն է եւ սա ան­շուշտ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ տա­րած­քաշր­ջա­նը կը գտնուի Հա­յաս­տա­նի ան­մի­ջա­կան հա­րե­ւա­նու­թեամբ։ Ար­զու­մա­նեան շա­րու­նա­կեց. «Հասկ­նա­լի է, որ Ռու­սաս­տան կը փա­փա­քի օգ­տա­գոր­ծել Հա­յաս­տա­նի իր ռազ­մա­կա­յա­նը, կամ երկ­րի օ­դա­կա­յան­նե­րէն մին, բայց, ըստ ե­րե­ւոյ­թին նաեւ կը գի­տակ­ցի, թէ ինչ­պի­սի՛ բարդ վի­ճա­կի մը մէջ կրնայ յայտ­նուիլ Հա­յաս­տան, ե­թէ դի­մէ այդ­պի­սի ան­խո­հեմ քայ­լի մը։ Ուս­տի, կը քննարկուի հա­ւա­նա­բար Ղա­րա­բա­ղի՝ ա­ւե­լի չէ­զոք տար­բե­րա­կը, ինչ որ այս պա­հուն ամ­բող­ջու­թեամբ կը հա­մընկ­նի Ղա­րա­բա­ղի մօ­տե­ցում­նե­րուն հետ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ մի­ջազ­գա­յին ա­ռար­կայ դառ­նա­լու պա­րա­գա­յին սա բնա­կա­նոն մօ­տե­ցում մըն է։ Եւ Ղա­րա­բաղ գի­նը կ՚ը­սէ»։

Իր կար­գին, Դա­ւիթ Յով­հան­նի­սեանն ալ յայտ­նեց, որ Մոս­կուա­յի մէջ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի հետ ա­սու­լիս մը կազ­մա­կեր­պե­լով՝ Ռու­սաս­տան ճնշում կը գոր­ծադ­րէ Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ։ Ան հա­մո­զուած է, թէ Սու­րիոյ ա­ռըն­չու­թեամբ Ռու­սաս­տա­նի տե­սա­կէ­տէ հա­զիւ թէ հե­տաքրք­րա­կան ըլ­լայ Ստե­փա­նա­կեր­տի օ­դա­կա­յա­նը։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, Յով­հան­նի­սեա­նի մօ­տե­ցու­մով, ա­սու­լի­սի ա­ռա­ջին նպա­տակն է ճնշում գոր­ծադ­րել Ատր­պէյ­ճա­նի վրայ։ Եւ երկ­րոր­դը՝ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը ի­մաս­տազր­կուած է ա­ռանց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի։ Յով­հան­նի­սեան հա­ւա­նա­կան կը հա­մա­րէ, որ Ռու­սաս­տան հա­մա­ձայն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թաց վե­րա­դար­ձին, որ­պէս­զի յա­ւե­լեալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ու­նե­նայ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին վրայ նե­րազ­դե­լու ի­մաս­տով։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի մաս­նակ­ցած «Ար­ցա­խի օ­րեր Մոս­կուա­յի մէջ» ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ե­րէկ ալ Մոս­կուա­յի մէջ զե­կու­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեան։ «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ. նոր մար­տահ­րա­ւէր­ներ եւ նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ» նիւ­թով կազ­մա­կեր­պուած կլոր սե­ղա­նին ըն­թաց­քին բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Կա­րէն Միր­զո­յեան, նոյն­պէս «Ռեկ­նում»ի հա­մար։

ԱՆՎ­ՏԱՆ­ԳՈՒ­ԹԵԱՆ ԽՈՐ­ՀՈՒՐԴ

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ար­ձա­գանգ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կուին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ռու­սա­կան թէ հայ­կա­կան շարք մը լրա­տուա­մի­ջոց­ներ վեր­ջին օ­րե­րուն պնդած էին, թէ Մոս­կուա Ե­րե­ւա­նին կ՚ա­ռա­ջար­կէ ա­զա­տել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից շրջան­նե­րը, բա­ցա­ռու­թեամբ Լա­չի­նի։ Այս ար­ձա­գանգ­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ ժո­ղով մը գու­մա­րած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Սոյն ժո­ղո­վին վե­րա­բե­րեալ հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ ո­րե­ւէ ակ­նար­կու­թիւն չկայ այս նիւ­թին։

Ե­րե­ւա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ եր­կու բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ վեր­ջին օ­րե­րուն խօ­սե­ցան այս կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ա­նոնց­մէ մին ե­ղաւ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բե­րը՝ Հա­յաս­տա­նի Խորհր­դա­րա­նի փոխ-նա­խա­գահ Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նով, որ նշեց, թէ նոր գոր­ծըն­թաց մը գո­յու­թիւն չու­նի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Իր կար­գին, Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կա­րէն Նա­զա­րեանն ալ յայտ­նեց, որ չի կար­ծեր, թէ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Լաւ­րո­վի հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ անդ­րա­դարձ կա­տա­րուած ըլ­լայ տա­րածք­ներ յանձ­նե­լու հար­ցին։ «Առ­հա­սա­րակ գո­յու­թիւն ու­նին Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խահ­նե­րու ա­ռա­ջարկ­ներ՝ հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար։ Սկզբունք­նե­րու մա­սին ա­ռան­ձին խօ­սիլ, քննար­կել ա­նըն­դու­նե­լի է ոչ միայն մե­զի, այլ նաեւ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հա­մար։ Այդ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին առ­հա­սա­րակ քննար­կում ե­ղած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հար­ցի կար­գա­ւոր­ման շուրջ, բայց չեմ կար­ծեր, որ նման հար­ցի մը անդ­րա­դարձ ե­ղած ըլ­լայ», ը­սաւ Նա­զա­րեան՝ շեշ­տե­լով, որ ինք ներ­կայ չէ գտնուած Նալ­պան­տեան-Լաւ­րով զրոյ­ցին։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի եւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ կը բա­ցա­ռեն, որ Մոս­կուա կրնայ նման բա­ցա­յայտ ու միա­կող­մա­նի ճնշում մը գոր­ծադ­րել Ե­րե­ւա­նի վրայ։

Իր կարգին, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարարներէն Շաւարշ Քոչարեանն ալ երէկ յայտնեց, որ Ատրպէյճան սադրիչ գործողութիւններով վերստին կ՚ապացուցանէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչումը այընտրանք չունի։

ՄՈՍ­ԿՈ­ՒԱ­ՅԷՆ ԱՐ­ՁԱ­ԳԱՆԳ

Վեր­ջին պնդում­նե­րը ե­րէկ ար­ձա­գանգ գտան նաեւ Մոս­կուա­յի մէջ։ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա մեկ­նա­բա­նեց Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան շուրջ ծա­գած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ռուս բան­բե­րը դի­տել տուաւ, թէ Սէր­կէյ Լաւ­րով Ե­րե­ւա­նի իր շփում­նե­րուն մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր հայ պաշ­տօ­նակ­ցին հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին։ «Ես այդ յայ­տա­րա­րու­թեան ժա­մա­նակ ը­սուա­ծէն ա­ւե­լին չեմ կրնար ը­սել։ Կը կար­ծեմ, որ կա­րիք չկայ ի­րա­վի­ճա­կը սրե­լու։ Տե­ղե­կատուու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար դի­մե­ցէք ա­ռա­ջին աղ­բիւ­րին՝ նա­խա­րա­րի յայ­տա­րա­րու­թեան, որ տե­ղադրուած է Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քէ­ջին վրայ։ Կրնամ ը­սել, որ Ռու­սաս­տան ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ սերտ կա­պեր կը պահ­պա­նէ ինչ­պէս հայ­կա­կան, այն­պէս ալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մին հետ։ Կար­գա­ւոր­ման հար­ցին մէջ մեր դիր­քո­րո­շու­մը ան­փո­փոխ է։ Մենք սա բազ­միցս վե­րա­հաս­տա­տած ենք։ Կը յու­սամ, որ մեր որ­դեգ­րած դիր­քո­րո­շու­մը պի­տի հանգս­տաց­նէ Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա։

«Մենք չենք առ­ներ քայ­լեր, ո­րոնք կրնան վնա­սել եր­կու կող­մե­րուն», նշեց ռուս բան­բե­րը։

Ռու­սա­կան մա­մու­լին մօտ լոյս տե­սած պնդում­նե­րը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րէն Ֆրան­սա­յի Ե­րե­ւա­նի մօտ դես­պա­նը՝ Ժան-Ֆրան­սուա Շար­փան­թիէ։ Ըստ ի­րեն, Ֆրան­սա որ­պէս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր ա­մէն ջանք կը ներդ­նէ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը խա­ղաղ բա­նակ­ցա­յին տար­բե­րա­կով մը լու­ծե­լու հա­մար։ Կիւմ­րիի մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ան ը­սաւ, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ նուազ հա­ւա­նա­կան է կող­մե­րէն ոե­ւէ մէ­կուն հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի մօ­տեց­ման որ­դեգ­րու­մը։

Ֆրան­սա­ցի դես­պա­նը մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան վեր­նա­խա­ւէն հնչող այն կար­ծիք­նե­րը, ըստ ո­րոնց ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կը ար­դիւ­նա­ւէտ չէ, իսկ Ֆրան­սա՝ որ­պէս հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր ան­կողմ­նա­կալ չէ։ «Նախ ես հա­մա­ձայն չեմ, որ այդ երկ­րին մէջ բո­լո­րը կը բաժ­նեն սոյն կար­ծի­քը։ Եւ, ի մի­ջի այ­լոց, Մինս­քեան խմբա­կը օժ­տուած է ԵԱՀԿ-ի իւ­րա­յա­տուկ լիա­զօ­րու­թեամբ, որ կու տայ գոր­ծե­լու այդ ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը։ Այ­սօ­րուան դրու­թեամբ, որ­քան որ ես տե­ղեակ եմ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փը են­թա­կայ չէ փո­փո­խու­թեան։ Իւ­րա­քան­չիւր անձ ա­զատ է մտա­ծե­լու այն­պէս, ինչ­պէս որ կ՚ու­զէ։ Այ­սօր մենք տա­կա­ւին շշուկ­նե­րու փու­լին մէջ ենք», ը­սաւ ֆրան­սա­ցի դես­պա­նը։

Միջ­նորդ­նե­րու այս տրա­մադ­րու­թիւ­նով հան­դերձ, Պա­քուէն ե­րէկ հեր­թա­կան ան­գամ մե­ղադ­րանք­ներ հաս­ցէագ­րուե­ցան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին՝ հա­յա­մէտ դիր­քո­րո­շում ու­նե­նա­լու հա­մար։ Եւ­րո­խոր­հուր­դի խորհր­դա­րա­նա­կան ժո­ղո­վին մօտ ապ­րուած վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս տուն կու տան Պա­քուի ան­հանգս­տու­թեան։ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Հիք­մէթ Հա­ճիե­ւի խօս­քե­րով, քսան տա­րիէ ի վեր շա­րու­նա­կուող ա­պար­դիւն գոր­ծու­նէու­թեան հե­տե­ւան­քով միջ­նորդ­նե­րը կորսն­ցու­ցած են ի­րենց նկատ­մամբ տա­ծուած վստա­հու­թիւ­նը թէ՛ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան եւ թէ ատըր-պէյ­ճա­նա­կան հա­սա­րա­կու­թեան առ­ջեւ։

ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ԶՈՀՈՒԱԾ

Հայ-ա­զէ­րի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ գոր­ծադ­րուած բո­լոր ջան­քե­րով հան­դերձ, Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ա­նընդ­հատ՝ մարդ­կա­յին կո­րուստ­նե­րով ու ծանր հե­տե­ւանք­նե­րով հան­դերձ։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ Նո­յեմ­բե­րի 12-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Ատր­պէյ­ճա­նի զօր­քե­րուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով սահ­մա­նի վրայ զո­հուած է եր­կու հայ զի­նուոր։ Նա­հա­տակ­ներն են՝ Վա­հէ Վա­նո­յեան (1995) եւ Մի­քա­յէլ Թո­րո­սեան (1996)։

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը այս դէպ­քին ար­ձա­գան­գե­լով հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը, ո­րու մէջ շեշ­տուե­ցաւ, թէ Ատր­պէյ­ճան կ՚ան­տե­սէ միջ­նորդ­նե­րու յոր­դոր­նե­րը եւ կ՚ոտ­նա­հա­րէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի չա­փա­նիշ­նե­րը։ Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը խստա­գոյնս դա­տա­պար­տեց Ատր­պէյ­ճա­նի այս հեր­թա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, որ կը կրէ ա­հա­բեկ­չա­կան բնոյթ։ Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րուե­ցաւ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հեր­թա­կան ան­գամ կը սրէ ի­րա­վի­ճա­կը եւ շփման գծին վրայ ի­րադ­րու­թեան ա­պա­կա­յու­նաց­ման ուղ­ղեալ քայ­լե­րը կը խտա­նան օ­րէ օր։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2015