ՎԻԵՆՆԱ 2-Ն ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՀԱՄԱՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԼՈՒԾՈՒՄ ԲԵՐԵԼՈՒ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ
Սուրիական պատերազմին մասնակից բոլոր կողմերը մեծ ուշադրութեամբ պիտի հետեւին Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ կայանալիք միջազգային ժողովին: Քաղաքական լուծումներու բեմահարթակի գլխաւոր դերակատար դարձած Մոսկուա մինչ կը շարունակէ հրթիռարձակումներ կատարել յատկապէս «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ISIS) կարեւորագոյն կեդրոնները եւ ատոր համընթաց կը նախապատրաստէ քաղաքական լուծումներուն թղթածրարը: Գետնի վրայ ընթացող զինուորական գործողութիւնները կրնան աւելիով թէժանալ, որովհետեւ Մոսկուա եւ Թեհրան մէկէ աւելի առիթներով կը խօսին Հալէպի «մեծ ճակատամարտ»ին ու այդ ճակատամարտին ամէն գնով յաղթելու մասին: Այս առումով ուշագրաւ է Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ու գլխաւոր պատասխանու զօրավար Քասէմ Սուլայմանիի ըրած յայտարարութիւնը, ուր իրանցի զօրավարը կը շեշտէր, որ իրենց համար այս հանգրուանին Հալէպի ահաբեկիչ զինեալներէն ազատագրումը անսակարելի է, որքան որ ալ մեծ կորուստներ ունենան իրենք:
Երեքշաբթի, Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ եղող Քուէրէս զինուորական օդակայանին շուրջ սուրիական ուժերուն կողմէ ISIS-ի արդէն երկու տարիներէ ի վեր առկայ պաշարումին վերացումը պէտք է տեղադրել Հալէպի մեծ ճակատամարտի ընդհանուր ծիրին մէջ: Տեղին է յիշեցնել, որ Քուէրէս պաշարուած օդակայանին մէջ կային Սուրիոյ բանակի շուրջ հազար զինուորականներ, որոնց շարքին էին նաեւ տարբեր աստիճանի սպաներ:
Գետնի վրայ կռիւ մղող ուժերուն միջեւ եւս տարբեր նրբութիւններ կան եւ այս առումով յատկանշական է Իրանի Վիեննայի համաժովին մասնակցելու խնդիրը եւ այս մէկը կը բացատրուի նաեւ, որ կան Թեհրան-Մոսկուա կեցուածքներու տարբեր մօտեցումներ: Այդ մէկը կրնայ խորքային բնոյթ չունենալ, սակայն Իրանի այս մօտեցումը կրնայ նոյնիսկ միացեալ ռազմավարութեան մը տարբեր նիւանսը հանդիսանալ: Հետաքրքրական է նաեւ, որ Ռուսաստանի սուրիական պատերազմին մասնակացութեան խնդիրը առաջուան նման արեւմտեան մամուլի կողմէ քննարկուող թէժ թեմա մը չէ: Բոլորը կէտի մը վրայ կը համաձայնին, որ ռուսական ուժին ներկայութիւնը տեղ մը կը վայելէ միջազգային ուժերուն չակերտեալ համաձայնութիւնը: Այս առումով զինուորական գործողութիւններու թէժացումը եւ Քրեմլինի կողմէ սուրիական պատերազմին մասնակցութեան յստակատեսութիւնն ու վճռակամութիւնը միայն բառացի չեն, այլ գործնական գետնի վրայ ռուսական կործանիչներ կը շարունակեն մասնաւորապէս ISIS-ին ուղղուած իրենց ցաւցնող հարուածները:
Քաղաքական գետնի վրայ երեւելի է նաեւ, որ արեւմտեան աշխարհին ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներուն համար Մոսկուայի կողմէ ներկայացուելիք լուծումներու ծրար մը խորթ աչքով պիտի դիտուի:
Բնական է նաեւ, որ այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներ պիտի քննադատէ նման որեւէ քաղաքական ծրագրի սեւագրութիւն, այնքան ատեն, երբ իրենք հիմնական ճարտարապետը չեն անոր:
Անցնելով քաղաքական ծրագրին, որուն մասին իրենց «գաղտնի» աղբիւրներէն տեղեկութիւն քաղելով՝ արաբական մէկէ աւելի թերթեր նախնական հրապարակումներ կատարած են, թէ այդ քաղաքական ռուսական ծրարը համալրուած է հետեւեալ հիմնական կէտերով.
ա- Ստեղծել եւ քննարկել սուրիական նոր սահմանադրութիւն,
բ- Սահմանադրութիւնը դնել հանրաքուէի,
գ- Նոր սահմանադրութեան վրայ յենլով կայացնել նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ,
դ- Կայացնել նախօրօք որոշուած 2016-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Այս կէտերէն բացի բնականաբար կան նաեւ այլ առաջարկներ, բայց եւ այնպէս Մոսկուայի կողմէ պատրաստուած այս փաթեթը ներկայ հանգրուանին Սուրիոյ տագնապին լուծման համար գլխաւոր,չըսելու համար գլխաւորագոյն լուծման փաթեթն է:
Այս բոլորէն բացի ակներեւ է նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին շուրջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցող կողմեր յայտնի եւ ոչ-յայտնի բոլոր միջոցներով կը փորձեն ռուսական կողմին մօտ որոշ ազդեցութիւններու ալիք մը ստեղծել: Ու այս ալիքին մէջ ամենէն ուշագրաւ տուեալը ռուսական քաղաքացիական օդանաւերուն դէմ եղած յարաձկումներն են: Առաջինը եգիպտական Սինայի վերեւ ջախջախուած «A-321» տիպի օդանաւն է, որուն կործանման պատճառներուն բացայայտումը, որոշ հեռահար նպատակներով հրեշտակներու սեռին շուրջ եղած վէճին նմանած է, իսկ երկրորդը՝ Հարաւային Սուտանի վերեւ ինկած փոխադրատար օդանաւի պարագան է, որուն օդաչուական կազմին հինգ անդամները հայեր էին: Երկրորդ պարագան գրեթէ դադրած է հանրային քննարկումներու առանցք ըլլալէ։ Բայց եթէ այս առումով դէտերու մօտեցումը նկատի առնուի, յստակ կը դառնայ, որ Սուտանի դէպքը եւս հակառուսական գործողութեան շղթային մէկ օղակը կը կազմէ:
Այս արարքները բնական է, որ որոշ անհանգստութիւն յառաջացուցին ռուսական կողմին մօտ, իսկ արեւմտեան աշխարհին համար նման յարձակումներուն պատահիլը անսպասելի արարք մը չէր:
Լռութեամբ, աղմուկէն հեռու գործող եւ վերլուծող վերլուծաբաններուն համար յստակ է, որ այս արարաքները կրնան շատ աւելի լայն ենթածիր մը ունենալ։ Բայց եւ այնպէս Մոսկուայի համար Սուրիոյ մէջ ըլլալիք որեւէ նահանջ կամ ետդարձ կրնայ շատ աւելի մեծ տագնապներու դուռ բանալ:
Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հարցումներուն ժամանակը սպառած է: Ռուսական զինուորական ներկայութեան նախնական պտուղները ինչպէս կը հաստատեն ռուս բարձրաստիճան զօրավարները, երեւելի պիտի դառնայ ընթացող գործողութիւններէն նուազագոյնը երեք ամիս անց: Սակայն գետնի վրայ յաղթանականեր ապահովելը չի բաւեր, որ Սուրիոյ տագնապը հանգուցալուծման հանգրուան մը մուտք գործէ:
Ինչպէս նախօրօք ալ գրած եմ, կրկնելու գնով պէտք է արձանագրել, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման անիւը, որ ներկայիս տիղմի մէջ խրուած կը մնայ, կրնայ իր տեղէն շարժիլ միայն, եթէ սիւննի աշխարհը հրաժարի սեղանին վրայ դրուած բոլոր ընտրանքները մերժելու իր յամառութենէն եւ փորձէ «ռուսական խաղ»ին մէջ մտնել, այդպէսով ապահովելով իր ներկայութիւնն ու շահերը եւ մանաւանդ պահպանելով սիւննի սուրիացիներուն քաղաքական կամքն ու ներկայութիւնը:
Ամէն պարագայի ներկայ հանգրուանին սիւննի աշխարհը կը մերժէ այդ լուծումներուն մասին լսել կամ խօսիլ: Ու ասով հանդերձ կարելի է նաեւ յստակօրէն ըսել, որ այսօր Վիեննայի մէջ սկիզբ առնելիք ժողովը բաւարար քաղաքական կամք չունի լուծումներու ծրար մը ներկայացնել կամ քաղաքական լուծման հանգրուանի մը սկսիլ:
Բացի այդ, յստակ է նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող մարտական գործողութիւնները պիտի շարունակուին ու երեւելի է նաեւ, որ սուրիական բանակը վճռած է ազատագրել Հալէպի արեւելքը գտնուող ելեկտրական մեծ կայանը, քսանհինգ օրերէ ի վեր մթութեան մատնուած Հալէպը լուսաւորելու համար:
Քաղաքական մօտեցումներու եւ շփումներու պրիսմակէն՝ զինուորական որեւէ յառաջացում կամ դրական զարգացում կը միտի միաւորներ կուտակել ու այսօր Սուրիոյ իշխանութիւնն ու մանաւանդ Մոսկուան այդ դրական միաւորներուն կարիքն ունին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան