G-20-Ի ԱՆԹԱԼԻՈՅ ԳԱԳԱԹԸ
Անթալիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը սկսի G-20-ի գագաթաժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ աշխարհի բոլոր յառաջատար երկիրներու ղեկավարները այս առթիւ եկած են Թուրքիա։ Փարիզի երէկուան ահաբեկչական դէպքերուն հետեւանքով Ֆրանսայի Նախագահ Օլանտ վերջին պահուն ջնջած է մասնակցութիւնը։
Գագաթաժողովին ընդառաջ Էրտողան շեշտեց, թէ այս մէկը պիտի ըլլայ շրջադարձային։ Նախագահը համոզուած է, թէ Անթալիոյ գերաստիճանով կը նախանշուին G-20-ի յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղղութիւնները։
Գագաթաժողովին զուգահեռ Անթալիոյ մէջ տեղի կ՚ունենան Էրտողանի երկկողմանի տեսակցութիւնները ներկայ գրեթէ բոլոր ղեկավարներուն հետ։ Թրքական դիւանագիտութիւնը այս ծիրին մէջ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կը բերէ Սուրիոյ ճգնաժամը՝ գաղթականաց առկայ հարցի ծալքերով եւ անվտանգութեան գօտի մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնով հանդերձ։