«ՆԱՐԵԿԱՑԻԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑՈՒՄՆԵՐ»
Երեւանի մէջ, Մատենադարանի երդիքին տակ կը շարունակուին «Նարեկացիական ընթերցումներ» խորագրով կազմակերպուած գիտաժողովները։ Պարբերաբար կազմակերպուած այս գիտաժողովներու ընթացքին ներկայացուած հետազօտութիւնները կը գնահատուին շատ բարձր արժէքով։ Այս գիտական ծրագիրը անմիջականօրէն կը հետաքրքրէ աստուածաբաններն ու պատմաբանները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Նարեկացիական ընթերցումներ»ու ժամանակ ներկայացուող հետազօտութիւնները անսպառ նիւթ կը հայթաթեն աստուածաբաններուն եւ պատմաբաններուն։
Մատենադարանի մէջ կազմակերպուած վերջին գիտաժողովներուն ընթացքին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ներկայացուց Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեան։ Այս վերջնոյն խօսքերով՝ հայ եկեղեցական եւ աշխարհիկ գրականութեան մէջ Նարեկացին կը ճանչցուի որպէս հոգիի վերածննդեան ռահվիրայ։ «Անքննելի է Հայ Եկեղեցւոյ եռամեծար վարդապետ Նարեկացիի աղօթքի մեծութիւնը։ Իր տաղերուն, գանձերուն մէջ կրնանք հանդիպիլ սուրբին իր բացառիկ մարդասիրութեամբ։ Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ի մէջ ամէն անգամ նորովի կը բացայայտուի Աստուծոյ սէրը», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը։
Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեանն ալ յայտնեց, որ Հայաստան նոր պատասխանատուութիւն ստանձնած է իբրեւ նարեկացիական խոշոր կեդրոն։ Սա թափ ստացած է Վատիկանի կողմէ Նարեկացիի «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուելէն վերջ։ Վահան Տէր-Ղեւոնդեանի խօսքերով՝ այս պատմական որոշումը աննախադէպ հետաքրքրութիւն յառաջացուց աշխարհի մէջ ոչ միայն Նարեկացիի ստեղծագործութեան, այլ նաեւ հայ միջնադարեան ամբողջ մատենագրութեան եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ։ Ուստի, Մատենադարանի լուսահոգի ու վաղամեռիկ տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան 2015-ին համապատասխան մօտեցումով ու տեսլականով դրած էր «Նարեկացիական ընթերցումներ»ուն հիմքը։
Հարկ է նշել, որ արդէն երեք տարիէ ի վեր Մատենադարանի մէջ կը կազմակերպուի «Նարեկացիական ընթերցումներ» խորագրեալ միջազգային գիտաժողովը։