ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ 2019-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԻՒՏՃԷԻ ՆԱԽԱԳԾԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐԸ

Հայաստանի 2019 թուականի պետական պիւտճէն ներկայիս կը քննարկուի Ազգային ժողովէն ներս։ Նախընթաց օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանէն ներս ելոյթ մը ունենալով ներկայացուց պիւտճէի նախագիծը եւ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Ներկայիս այդ նախագծին կապակցութեամբ ելոյթներով հանդէս կու գան պատգամաւորները, որոնք կը յայտնեն իրենց տեսակէտները։ Այսօր առաւօտեան ալ խորհրդարանը շարունակեց համապատասխան քննարկումները։

Մինչ այդ, խորհրդարանի նախագահ Արա Պապլոյեան հաւանական նկատեց նոյեմբերի 21-ին արտահերթ ժողովի մը գումարուիլը։ Այդ արտահերթ նիստի ընթացքին խորհրդարանը կրնայ ընդունիլ Հայաստանի 2019 թուականի պետական պիւտճէն։ Ուստի, երեսփոխաններուն յորդորուեցաւ, որպէսզի այդ օրը ներկայ գտնուին եւ կարելի ըլլայ պետական պիւտճէի հաստատումը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018