ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ՎԱՐՇԱՎԻՈՅ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ստորագրեց շարք մը հրամանագրեր, որոնց հիման վրայ փոփոխութեան ենթարկուեցան երկրի կարգ մը դեսպանները։ Այսպէս, Էտկար Ղազարեան ետ կանչուեցաւ Լեհաստանի դեսպանի պաշտօնէն։ Իրեն փոխարէն Լեհաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Սամուէլ Մկրտչեան։ Այս վերջինը հայկական դիւանագիտական անձնակազմի փորձառու անուններէն մին է։ Վերջին տարիներուն ան կը պաշտօնավարէր որպէս Հայաստանի դեսպանը Լիբանանի մէջ։ Այժմ Սամուէլ Մկրտչեան Պէյրութէն կը տեղափոխուի դէպի Վարշավիա՝ իր նոր առաքելութեան համար։

Նոյնպէս Հանրապետութեան նախագահի հրամանագրի հիման վրայ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակուեցաւ Վահագն Աթաբէկեան։ Այսպէս, այժմ Պէյրութ կը մեկնի Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի ամենափորձառու անուններէն մին։ Վահագն Աթաբէկեան երկար տարիներ պաշտօնավարած է Փարիզի հայկական դեսպանատունէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ ան վերջերս համակարգեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի կազմակերպչական աշխատանքները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018