ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլայի հետ։ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնակայանէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցան այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան, երկրի մշակոյթն ու արժէքները այս կառոյցէն ներս լաւագոյնս ներկայացնելու հնարաւորութիւններուն վերաբերեալ հարցեր։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքի մշակութային ժառանգութեան վերականգնման ուղղուած ԻՒՆԷՍՔՕ-ի նախաձեռնութեան։ Այս ամբողջին մէջ քննարկուեցաւ սոյն նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Երեւանի Մատենադարանի հետ համատեղ ծրագրի մը իրագործումը։

Օտրի Ազուլա բարձր գնահատեց Հայաստանի ջանքերն ու յաջող փորձառութիւնը Սուրիոյ փախստականներու համարկման հարցին շուրջ, ներառեալ կրթութեան իրաւունքի ապահովումը։

Կողմերը ընդգծեցին մշակութային եւ կրթական համատեղ ծրագրերու միջոցաւ մշակութային բազմազանութեան, համամարդկային արժէքներու եւ հանդուրժողութեան խրախուսման անհրաժեշտութիւնն ու կարեւորութիւնը։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց նաեւ Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի հնագոյն եւ հարուստ մշակութային ժառանգութեան, պատմաճարտարապետական արժէքաւոր շինութիւններուն վրայ։ Նշելով, որ անոնցմէ շատեր ներկայիս կը գտնուին բաւական անմխիթար վիճակի մը մէջ՝ Արմէն Սարգսեան ցանկալի նկատեց ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մասնակցութիւնը անոնց պահպանման ու վերականգնման աշխատանքներուն։ Այդ առումով քննարկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի աջակցութեամբ Կիւմրիի մէջ պատմամշակութային արժէքի տէր կառոյցի մը վերականգնման հնարաւորութիւնները։

Բաց աստի, դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Միտքերու գագաթաժողովի գլխաւոր գործընկեր Թիէրի Մալրէի հետ։ Ան «Dassault Systèmes» ընկերութեան հետ քննարկեց համագործակցութեան յատուկ ծրագիր մը։ Այս ընկերութեան ղեկավարութեան հետ Արմէն Սարգսեան վաղուց մշակած էր բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ։ Աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Արմէն Սարգսեան «THALES Group» եւ «OpenClassrooms» ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ քննարկեց Հայաստանի հետ համագործակցութեան հեռանկարները։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018