ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Արցախի Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան երէկ Ստեփանակերտի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ վերջերս տարածքաշրջան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն։

Կողմերը քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գծին վրայ տիրող իրավիճակը։ Այս ամբողջին մէջ Մասիս Մայիլեան վերստին նշեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի գրասենեակի դիտարկումներու հնարաւորութիւններու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։ Մասիս Մայիլեան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ շփման գծի վրայ դէպքերու հետաքննութեան դրութեան հաստատման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչուիլը։

Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Կասպրչիկի գրասենեակին կողմէ իրականացուող դիտարկումներուն վերաբերեալ շարք մը հարցերուն։

Կասպրչիկ երէկ Ստեփանակերտի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի հետ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2018