ՎԱԶԳԷՆ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ

Հայաստանի Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ ան տեղեկացուց, որ որոշած է դուրս գալ Հանրային խորհուրդի կազմէն։ Ան այս կապակցութեամբ նամակներ ուղարկեց Հանրային խորհուրդի անդամներուն, որոնց նկատառման յանձնեց, թէ իր գործունէութիւնը այլեւս կը համարէ անիմաստ։ Վազգէն Մանուկեան այս մասին տեղեակ պահած է նաեւ կառավարութիւնը։

«Իշխանութեան նպատակը պէտք է ըլլար հասարակութեան մէջ առկայ ճաքերը, մեղմելը, համերաշխութեան մթնոլորտ ստեղծելը, ժողովուրդը համախմբելը։ Այս նպատակի իրականացման համար ամենաարդիւնաւէտ միջոցներէն մին կրնար ըլլալ Հանրային խորհուրդը, որու կարեւոր գործառոյթներէն մին, ըստ օրէնքի, կառավարութեան ու պետական կառավարման համարակարգի մարմիններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ փոխադարձ վստահութեան, երկխօսութեան եւ գործընկերային յարաբերութիւններու ձեւաւորման նպաստելն է։ Հանրային խորհուրդի վերջին նիստին ես ձեզի ներկայացուցի, որ քանի մը անգամ փորձած եմ հանդիպիլ վարչապետի հետ, գտնել համագործակցութեան եզրեր, թուլացնելու համար հասարակութեան մէջ առկայ լարուածութիւնը եւ Հանրային խորհուրդի միջոցաւ կանխելու որոշ քայլեր, որոնք իմ կարծիքով, վտանգաւոր են պետութեան համար։ Գիտէք նաեւ, որ այդ փորձերը ապարդիւն մնացած են։ Մեր վերջին նիստէն ի վեր անցած է որոշ ժամանակ եւ դարձեալ ոչ մէկ արձագանգ։ Այս պայմաններուն ներքեւ իմ յետագայ գործունէութիւնը Հանրային խորհուրդին մէջ կը համարեմ անիմաստ եւ դուրս կու գամ խորհուրդէն՝ արդէն գրաւոր տեղեակ պահած ըլլալով կառավարութիւնը։ Կը շարունակեմ պայքարը յանուն մեր պետութեան եւ ժողովուրդի շահերուն, ինչպէս որ պայքարած եմ իմ ամբողջ կեանքի ընթացքին», նշած է Վազգէն Մանուկեան հրաժարականին մէջ։

Հայաստանի վերջին իշխանափոխութեան զուգահեռ Հանրային խորհուրդի եւ կառավարութեան միջեւ ակնկալուած համագործակցութեան մթնոլորտը չէր ձեւաւորուած։ Վազգէն Մանուկեան բոլորովին վերջերս երկրի ներկայ մթնոլորտը բաղդատած էր սովետական տարիներու բռնապետութեան հետ։

Հարկ է նշել, որ Վազգէն Մանուկեան եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2019