ԱՌԱՋԱՐԿԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան նախընթաց օր ուշ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նախկին նախագահներէն Արքատի Ղուկասեանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ այս վերջինը Տէր-Պետրոսեանին այցելեց՝ իր մտահոգութիւնները արտայայտելով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ։ Միեւնոյն ժամանակ, Ղուկասեան յստակ առաջարկներ ներկայացուց Հայաստանի իշխանութիւններէն ակնկալուած գործողութիւններու վերաբերեալ։

Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կարեւորեց Արքատի Ղուկասեանի առաջարկները ու խորհուրդ տուաւ անմիջապէս դիմել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։  

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020