ԽՈՒՃԱՊԱՀԱՐ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ

Խուճապ կը տիրէ հայ իրականութեան մէջ։ Հայաստանի տակնուվրայ կացութիւնը միշտ յղի կը մնայ հաւանական լուրջ վտանգներու։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի ծանր ձախողման հետեւանքով ստորագրուած հրադադարի համաձայնութիւնը այս շաբաթավերջին արդէն կը թեւակոխէ գործնական փուլ։ Ատրպէյճանին յանձնուելիք շրջաններու բնակիչները արդէն կը լքեն այդ բնակավայրերը եւ հրաժեշտի ժամանակ կը հրկիզեն ամէն ինչ։ Այս շաբաթավերջին յանձնուելիք շրջաններուն մէջ կը մնայ պատմական Դադիվանքը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը երէկ հաղորդեց, որ նոյնիսկ Երեւանէն ուխտաւորներ կը մեկնին՝ վերջին անգամ այնտեղ աղօթելու եւ հրաժեշտ տալու համար։ 800 տարուայ պատմական սրբավայրի ճակատագիրը արդէն կը մատնուի անորոշութեան։ Պատմական խաչքարերը կը տեղափոխուին Դադիվանքէն, մինչ հոծ թիւով հաւատացեալներ այնտեղ կու տան իրենց վերջին ուխտի այցելութիւնը։ Դադիվանքի պարագան այս օրերու բաւական զգայուն նիւթերու շարքին է։

Առկայ խուճապի մթնոլորտին մէջ կը բարձրաձայնուին նաեւ այս տեսակի բոլոր պահանջները։ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ դարձեալ տեղի ունեցաւ մեծ հանրահաւաք մը։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու խմբաւորումը կը շարունակէ յամառօրէն պահանջել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Բոլորը վերջին յոյս մը ունին, թէ բանակցողի փոփոխութիւնով գուցէ կրնան մեղմացուիլ կարգ մը կորուստներ, սակայն, այս ուղղութեամբ որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի։ Ընդդիմադիր ուժերը երէկուան հանրահաւաքէն վերջ տեղեկացուցին, որ այսօր ցոյցերն ու բողոքի երթերը կ՚ընդհատուին եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ մոմավառութիւն տեղի կ՚ունենայ՝ ի յիշատակ հայոց նահատակներուն։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ երէկ երեկոյեան Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան։ Ըստ երեւոյթին, վերջին շրջանի իր բոլոր ելոյթներուն եւ յայտարարութիւներուն նման այս անգամ եւս ան համոզիչ ըլլալէ բաւական հեռու է։ Հարցազրոյցի ընթացքին Փաշինեան յայտնեց, որ պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական փաստաթուղթը չէ։ Հայկական դիւանագիտութիւնն ալ վերջին շրջանին յաճախ օրակարգի վրայ կը բերէ այս տեսակէտը, որ ակնյայտօրէն տրամաբանական հիմքերէ զուրկ ըլլալ կը թուի։ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ համաձայնագրի քննարկման հիմնական ձեւաչափը պիտի ըլլայ կառավարութենէն ներս։ Ըստ իրեն, պատերազմի դադրեցման յայտարարութենէն վերջ ստեղծուած կացութիւնը կարելի չէ քննարկել ամենայուզական մթնոլորտի պայմաններով։ Իր դիտարկումով, պատերազմը ցոյց տուած է, որ բանակէ ներս աւելի կարեւոր են յատուկ նշանակութիւնով շարժուն խումբերը։ Փաշինեան հարցազրոյզի ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Ռուսաստանի դիրքորոշումը վերջին չորսուկէս տարուայ ընթացքին որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած։ Վարչապետը նշեց, որ այսօրուայ առաջնային խնդիրն է կայունութիւնը։ Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Երեւանի ղեկավարութիւնը կը փափաքի, որ Հայաստան-Իրան երկաթուղին աշխատի Նախիջեւանի վրայով։

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի ուշադրութեամբ։ Ընդդիմադիր շրջանակները կը շարունակեն իսկապէս զգայացունց պնդումներ օրակարգի վրայ բերել՝ պատերազմի օրերուն Փաշինեանի կողմէ կատարուած անհաւատալի նախընտրութիւններուն մասին, որոնք ճակատագրական ազդեցութիւն ունեցած են։ Մօտեցումները այնքան հակադիր, տեսակէտները այնքան իրերամերժ են, որ առկայ ծանր պահուն հայաշխարհը դժուար թէ կարողանայ առողջ դատողութիւն մը ցուցաբերել եւ նպատակասլաց վերլուծութիւններ ընել՝ անցնելու համար առաջ։ 

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020