ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հանդիպում մը։ Սա եղաւ վերջին օրերու անոնց երկրորդ տեսակցութիւնը։ Հանրապետութեան նախագահը եւ Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկան կոչով, որպէսզի յաջորդ կիրակին՝ նոյեմբերի 22-ը յայտարարուի Արցախի ազատամարտի ժամանակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր եւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020