ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԱՐԴԷՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ ՇՈՒՇԻ ԵՒ ՔԱՐՎԱՃԱՌԻ ՇՐՋԱՆ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը վաղը դաշտի վրայ պիտի սկսի գործնականօրէն։ Հակամարտութեան տարածքաշրջանէն ներս պիտի տեղակայուին Ռուսաստանի խաղաղապահ ուժերը։ Այս գործընթացը արդէն սկսած է։ Ընդհանուր առմամբ, ցարդ Ռուսաստանէն 42 օդանաւով խաղաղապահներ ուղարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի։ Երէկ, տեղական ժամով 14.00-ի դրութեամբ, ռուս խաղաղապահներ մուտք գործեցին Քարվաճառի շրջան։ Այս վերջինը մինչեւ նոյեմբերի 15-ը պէտք է յանձնուի Ատրպէյճանին։ Ստեփանակերտի մէջ, ուր եւս տեղակայուած է ռուսական զօրքը, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան երէկ տեսակցեցաւ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար Ռուստամ Մուրատովի հետ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու, հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութեան իրականացման վերաբերեալ յստակ հարցերու շուրջ։ Ռուս հրամանատարը երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Միքայէլ Արզումանեանի կողմէ։

Երէկ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ տեղեկացուց, որ Ռուսաստան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կը բանակցի, որպէսզի ՄԱԿ-ի կառոյցները կարողանան գործունէութիւն ծաւալել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Լեռնային Ղարաբաղէ ներս մարդասիրական հարցերու լուծման վերաբերեալ խորհրդակցութեան ժամանակ Սերկէյ Լաւրով տեղեկացուց, որ ռուսական կողմը տեղեակ պահած է նախեւառաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ իր գործընկերները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան, որոնց նկատառման յանձնուած են մանրամասնութիւններ։ Մոսկուայէն օրուայ ընթացքին հաղորդուեցաւ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ալ Սերկէյ Լաւրովին յանձնարարած է միջազգային կազմակերպութիւնները տեղեակ պահել՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Փութին երէկ հրամանագիր մը ստորագրեց՝ ստեղծելու համար կեդրոն մը, որ հետամուտ պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մարդասիրական խնդիրներուն արձագանգելու։ Ան յոյս յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը նկարագրելու համար այլեւս չ՚օգտագործուիր «հակամարտութիւն» բառը։ Ռուս ղեկավարը շատ այժմէական համարեց մարդասիրական խնդիրները։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՓԵՍՔՈՎ

Հրադադարի համաձայնութեան գործնական փուլի սեմին Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով երէկ պատասխանեց հարցումի մը, որ կը վերաբերէր Քարվաճառի Ատրպէյճանի փոխանցուելուն։ Ըստ իրեն, սա պարտաւորութիւն մըն է, որ ստանձնած է հայկական կողմը։ Փեսքով յայտնեց, որ Վլատիմիր Փութին առանցքային դեր մը ունեցած է հրադադարի հաստատման ուղղութեամբ։ Փեսքովի խօսքով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի համայնապատկերին վրայ անխուսափելի չէ Ռուսաստանէ ներս հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ նոր բախումներու ծագիլը։ Ան մատնանշեց, որ եթէ նախապէս առաջարկուած բանաձեւերը թէկուզ երկու տարի առաջ կեանքի կոչուած ըլլային, ապա հաւանաբար այս արիւնալի պատերազմը չէր ըլլար եւ կարելի կրնար ըլլալ խուսափիլ հազարաւոր հայերու եւ ատրպէյճանցիներու մահէն։ Փեսքով անդրադարձաւ նաեւ այն մեկնաբանութիւններուն, ըստ որոնց Ռուսաստանի կողմէ պատերազմի ժամանակ բաւարար օգնութիւն չէ ցուցաբերուած Հայաստանին։ Ի պատասխան՝ ան ըսաւ. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցով ունեցած դիրքորոշման համար Ռուսաստանին հասցէագրուած դաւաճանութեան կշտամբանքները անհիմն են»։

Ի լրումն այս բոլորին, Փեսքով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ դիրքորոշումներու անհամապատասխանութեան մասնաւորապէս ուժային լուծման բեմագրութիւններուն բերումով։ Ըստ իրեն, այդ անհամաձայնութիւնները չեն խանգարեր Անգարայի եւ Մոսկուայի սերտ համագործակցութիւնը այս հարցին շուրջ։

 Իր կարգին, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց, որ բոլոր կողմերը ջանքեր պէտք է գործադրեն, որպէսզի օտար գրոհայինները հեռանան Լեռնային Ղարաբաղէն։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑՆԵՐ

Բաց աստի, երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։ Անոնք մասնաւոր ուշադրութիւն կեդրոնացուցին հակամարտութեան գօտիէն ներս յառաջացած մարդասիրական բարդ իրավիճակին վրայ։ Նախարարները քննարկեցին նաեւ հրադադարի յայտարարութեան գործնական իրականացումը։ Մնացականեան եւ Լաւրով խօսեցան նաեւ երկկողմանի օրակարգի շարք մը խնդիրներուն շուրջ։

Լաւրովի առընթեր, Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Ան համապարփակ ձեւով ներկայացուց Արցախէ ներս ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը եւ անոր դիմագրաւման նպատակաւ ձեռնարկուած քայլերը։ Կողմերը անդրադարձան այդ տագնապի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն ՄԱԿ-ի եւ համապատասխան մարմիններու ներգրաւման։ Մնացականեան ընդգծեց Լեռնային Ղարաբաղի հաշտութեան գործընթացի վերաբերեալ բոլոր հարցերու շուրջ քննարկումներու բացառապէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս իրականացման անհրաժեշտութիւնը։ Կութերեսն ալ վերահաստատեց այդ ձեւաչափին նկատմամբ իր աջակցութիւնը։

ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Այս բոլոր իրադարձութիւններուն ի շարունակութիւն, երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցան Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ռազմական պատուիրակութիւններու քննարկումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ հաստատուած հրադադարի պայմանաւորուածութիւններուն շուրջ։ Ռազմական պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն ժամանակ օրակարգի վրայ եկան թեքնիկ բնոյթով հարցեր։ Խորհրդակցութիւններու երէկուան փուլին շօշափուեցան հրադադարի հաստատումէն վերջ կատարուելիք աշխատանքները։ Բանակցութիւնները կը շարունակուին նաեւ այսօր։

Ըստ տեղական մամուլին մէջ լոյս տեսած մանրամասնութիւններուն, քսան հոգիէ բաղկացեալ ռուսական պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուէր նախագահ Վլատիմիր Փութինի Սուրիոյ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ։ Այս պատուիրակութեան մէկ մասը հետամուտ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, իսկ միւս մասի պաշտօնատարները կը զբաղին Սուրիոյ եւ Լիպիոյ հարցերով։ Ռուսական պատուիրակութիւնը առաջին հերթին այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր կէսօրին ճաշասեղանի շուրջ հիւրընկալուեցաւ փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալի կողմէ։ Հիւր պատուիրակութիւնը աւելի վերջ անցաւ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւն, ուր տեղի ունեցան բուն քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Կողմերը քննարկեցին հրադադարի վերահսկման նպատակով ստեղծուելիք համատեղ կեդրոնին վերաբերեալ հարցեր։ Համատեղ կեդրոնէն ներս Թուրքիայէն հաղորդակցութեան նպատակով սպաներ պիտի գտնուին, սակայն դաշտի վրայ թրքական զինուորներ պիտի չգտնուին խաղաղարար զօրքերու կազմին մէջ։

ԼՈՆՏՈՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Լոնտոնն ալ արձագանգեց հրադադարի յայտարարութեան։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի մօտ Անգլիոյ պատուիրակութիւնը յոյս յայտնեց, որ կրակի դադրեցումը կողմերը կը մօտեցնէ հիմնախնդրի լիարժէք կարգաւորման։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 14, 2020