ԱԼԻԵՒԻ ՎԱԽԵՐԸ
Այս խառնակ ժամանակներու հենքին Հայաստանի մէջ իշխանական շրջանակներէ դուրս քննարկուող ամենակենսայոյզ նիւթը հայաթափուած Արցախն է. արդեօք հարցը այլեւս փակուեցա՞ւ եւ մենք մէկընդմիշտ կորսնցուցի՞նք մեր հայրենիքին մէկ մասը, թէ՞ հիմնախնդիրի ոչ-հայանպաստ զարգացումներու հունը ետ շրջելու որոշակի յոյսեր, այնուամենայնիւ, դեռ կան:
Միանգամայն արձանագրենք, որ վերջինիս օգտին վկայող ակամայ ազդակներ մենք յաճախ կը ստանանք եւ, որքան ալ տարօրինակ հնչէ, կը ստանանք Ատրպէյճանէն, անձամբ՝ նախագահ Ալիեւէն:
Այս մարդը պարբերաբար ջղաձգութիւններու մէջ կ՚իյնայ՝ մերթ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխել պահանջելով, մերթ աւերել կարգադրելով Արցախի քաղաքներն ու գիւղերը, պատմամշակութային կոթողները, նոյնիսկ մինչեւ հայկական գերազմանոցները, որպէսզի հայերը չվերադառնան: Երեւի՝ Արցախի իրական տէրերուն վերադարձի տեսլականը խիստ կը մտատանջէ զինք, հանգիստը կը խաթարէ եւ ներքին վախերը կը մատնէ: Կարճ ըսելով՝ «գող՝ սիրտը դող»: Սակայն ան վախնալու լուրջ պատճառ, կարծես թէ, չունի, քանի որ իր երկիրը ապահովագրուած է բոլոր առումներով՝ պայմանագրային, ուժահանքային, դաշնակցային եւ այլն:
Չմոռնանք, որ 2021 թուականի յունիսի 15-ին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները Շուշիի մէջ ստորագրեցին երկու երկիրներու գործակցութեան պայմանագիրը, որ կը կոչուի «Շուշիի հռչակագիր»: Սա կ՚ենթադրէ «փոխադարձ ռազմական օգնութիւն եւ սերտ համագործակցութիւն ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս»: Իսկ աւելի շուտ, 2020-ի փետրուարի 22-ին՝ ռուս-ուքրանական պատերազմէն բառացիօրէն երկու օր առաջ, Ալիեւ Մոսկուայի մէջ Ռուսաստանի նախագահին հետ ստորագրած էր ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագիր մը: Պաքու համագործակցութեան փաստաթուղթեր ստորագրած է նաեւ Իրանի, Կասպից ծովու ափամերձ տարածաշրջանի երկիրներուն հետ:
Անկախ այս բոլորէն, մօտակայ ժամանակներու մէջ Հայաստանը Ատրպէյճանի համար որեւէ վտանգ չի կրնար ներկայացնել ո՛չ ռազմական, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ժողովրդագրական իմաստով, առաւել եւս՝ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանավարութեան օրօք: Եւ բացի ամէն ինչէն, յառաջիկային այդ երկրին դերը պիտի մեծնայ՝ պայմանաւորուած Եւրոպա մատակարարուող Ատրպէյճանի կազի ծաւալներու աճով: Այսինքն, յառաջիկայ յունուարէն սկսեալ Ռուսաստան դուրս պիտի գայ Եւրոպայի կապոյտ վառելիքի շուկայէն:
Ուրեմն, ինչո՞վ բացատրել Ատրպէյճանի ղեկավարի անհասկնալի պահուածքը՝ ժամանակ առ ժամանակ անոր մօտ ի յայտ եկող ջղային բռնկումները:
Հարցին պատասխանելու համար նախ պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ կատարուեցաւ 2020-ի սեպտեմբերին, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս սկսաւ 44-օրեան եւ ինչո՞ւ պարտուեցանք մենք։ Ի դէպ՝ պարտուեցանք ո՛չ թէ Ատրպէյճանէն, այլ՝ Իսրայէլէն, որուն մատակարարած զէնքերը վճռորոշ եղան: Պարտուեցանք Բրիտանիայէն, որ դիւանագիտական տանիք մը կ՚ապահովէր, ինչպէս նաեւ հետախուզական տուեալներ կը տրամադրէր Ատրպէյճանին: Պարտուեցանք Թուրքիայէն, որու դերն ու շարժառիթները պարզ են։ Պարտուեցանք Փաքիստանէն, այն ահաբեկիչներէն, որոնք բերուած էին Սուրիայէն եւ վերջապէս՝ պարտուեցանք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, որ ձեռքերը լուաց, մէկ կողմ քաշուեցաւ. «Հայերը խելացի ժողովուրդ են, լաւ ժողովուրդ են, բան մը կ՚ընեն», այսքանով Թրամփ աւարտած էր իր ընելիքը:
Պատերազմը, ըստ էութեան, համաձայնուած էր եւ այդ գաղտնիքը ժամանակին բացած էր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովը՝ կանխաւ նշելով պատերազմին գլխաւոր ուղղութիւնը, օրը եւ ժամը:
Ահա եւ հասանք այն հարցումին, թէ ի՞նչ է Ալիեւի դիւրագրգիռ ու անհաւասարակշիռ հոգեվիճակին պատճառը: Ան լաւ կը հասկնայ, որ ինք չյաղթեց պատերազմին, այլ յաղթանակը իրեն մատուցուեցաւ եւ նման երջանիկ պատեհութիւն հաւանաբար չըլլայ այլեւս: Ան կը հասկնայ, որ շատ հեռու գնաց՝ հազարամեայ Արցախի մէջ էթնիք զտումներ իրականացնելով եւ դրացի պետութեան տարածքները իւրացնելով։
Ան կը հասկնայ նաեւ, որ իր կատարած չարագործութիւններուն համար պատասխան տալու ժամը չ՚ուշանար:
Հայտարօղլուն կը վախնայ, որ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ իրավիճակը կրնայ փոխուիլ, կը վախնայ Հայաստանի մէջ ակնկալուած իշխանափոխութենէն, հայկական վրէժխնդրութենէն, Արցախի վերադարձէն, արդար հատուցումէն, նոյնիսկ՝ իր շուքէն։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի