Ուրբաթ 22, Նոյեմբեր 2024
ՄՈՍԿՈՒԱ-ՌԻԱՏ ՇՓՈՒՄ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման ալ Սաուտ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս շփումը յաջորդեց՝ Ռիատի մէջ Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի երկիրներու համատեղ գագաթաժողովին։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Փութին եւ գահաժառանգ Մուհամմէտ պին Սելման առաջնահերթօրէն անդրադարձան Ուքրայնայի տագնապին։
Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024