ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԻՇՏ ԼԱՒԱՏԵՍ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծի չհամաձայնեցուած վերջին երկու յօդուածներուն վերաբերեալ առաջարկներ փոխանցուած են։ «Մեր առաջարկները երկուշաբթի փոխանցեցինք Ատրպէյճանին», տեղեկացուց ան։ Նոյեմբերի 5-ին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հերթական առաջարկները փոխանցուած էին՝ նախագծի 11-րդ խմբագրման ձեւաչափին մէջ։

Երէկ, Ազգային ժողովի ամպիոնէն Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան ռազմավարական գործարք կնքելու կարիքն ունին։ Վարչապետը այս յայտարարութիւնը ըրաւ՝ անդրադառնալով մօտաւոր անցեալին Քազանի մէջ, BRICS-ի գագաթաժողովի օրերուն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած զրոյցի մանրամասնութիւններուն։ «Նման երկար խօսակցութիւն վաղուց կամ ընդհանրապէս չենք ունեցած։ Իմ տեսակէտէն, իմ կարծիքով, ամենակարեւոր հատուածն էր, որ հնչած է հետեւեալ միտքը. Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ո՛չ միայն խաղաղ համակեցութեան, խաղաղ գոյութեան համար խաղաղութեան պայմանագրի եւ տարբեր պայմանագրերու կարիքն ունին, այլեւ, իմ կարծիքով, ռազմավարական գործարք կնքելու կարիքն ունին՝ այն առումով, թէ ինչ բանաձեւերու շրջանակէն ներս մենք յառաջիկայ հարիւրամեակներուն՝ որպէս անկախ պետութիւն, կը պատրաստուինք կողք կողքի ապրելու։ Կը կարծեմ, որ սա ամենակարեւոր եւ հիմնական հարցն է», ըսաւ ան։

Վարչապետին խօսքով՝ մեծ հաշուով, կարելի է ըսել, որ հայկական կողմը պատկերացումներ ունի այդ ռազմավարական գործարքի վերաբերեալ։ Այդ պատկերացումը կը հիմնուի «իրական Հայաստան»ի հայեցակարգին վրայ։ «Եւ այդ խօսակցութիւնը շատ կարեւոր կը համարեմ՝ թէեւ ան պէտք է քաղաքական դրսեւորումներ ունենայ», շարունակեց Փաշինեան։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Փաշինեան յայտնեց նաեւ, որ Երեւան Պաքուին փոխանցած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման շուրջ գրաւոր առաջարկներ։ Ան համոզուած է, թէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այս հարցին շուրջ կրնան ունենալ լուծում։ «Քազանի մէջ տեղի ունեցած կարեւորագոյն միւս իրադարձութիւնը այն էր, շատ կը նմանի այն բանին, թէ մենք տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացման հարցին շուրջ կրնանք ունենալ լուծում, որ, ըստ էութեան, կրնայ հասցէագրել եւ փոխադարձաբար, լիարժէքօրէն ըլլալ ընդունելի», ըսաւ ան։

Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մասին ուղղակի կամ անուղղակի ոչինչ կը պարունակէ, իսկ Ատրպէյճանի Սահմանադրութեան մէջ յստակ տարածքային պահանջներ կան Հայաստանէն։ Յամենայնդէպս, Հայաստան այս հանգամանքը խոչընդոտի մը չի վերածեր խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ճանապարհին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ խտացեալ բանակցութիւններ կ՚ընթանան՝ երկաթուղիի գործարկման նիւթին շուրջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024