ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ յոյսը չէ կտրած Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատէն։ Սուրիոյ տագնապի քաղաքական կարգաւորման ուղղեալ Աստանայի հերթական բանակցութիւններուն զուգահեռ՝ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ բնականոնացման հասնելու հարցը ներկայիս վերստին դարձած է առաջնահերթ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, շահագրգիռ բոլոր կողմերը կը շարունակեն կարեւորել Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Իր կարգին, նախագահ Էրտողանն ալ երէկ ըսաւ. «Ես տակաւին յոյս ունիմ, որպէսզի ի մի գանք եւ Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգի դնենք»։
Դէպի Սէուտական Արաբիա եւ Ատրպէյճան վերջին օրերու ուղեւորութիւններէն վերադարձի ճանապարհին, օդանաւի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան շեշտեց, որ Սուրիայէ ներս արդար ու մշտական խաղաղութեան մը գետինը գոյութիւն ունի եւ այդ մէկը ապահովելու համար անհրաժեշտ քայլերը արդէն յայտնի են։ Նախագահը շարունակեց.
«Մենք Սուրիոյ կողմին բնականոնացման նիւթին շուրջ երկարած ենք մեր ձեռքը։ Համոզուած ենք, թէ այս բնականոնացումը Սուրիոյ տարածքէն ներս խաղաղութեան եւ անդորրութեան դուռ պիտի բանայ։ Մենք Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան չենք սպառնար։ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի գլխաւորութեամբ ահաբեկիչները կը սպառնան։ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան չեն սպառնար նաեւ՝ մեծաւ մասամբ զանազան երկիրներ ցրուած սուրիացիները։ Էսատ պէտք է նկատէ այս բանը, պէտք է իր երկրին մէջ նոր կլիմայ մը ստեղծելու ուղղեալ քայլեր առնելով տէր կանգնի իր երկրին»։
Ի լրումն այս բոլորին, նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ Իսրայէլի սպառնալիքը հեքիաթ մը չէ։ Արդարեւ, պէտք չէ մոռնալ, թէ տարածաշրջանէն ներս ծագած հրդեհը կրնայ փութով տարածուիլ դէպի այն տարածքները, որոնք կայուն չեն։
Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ նախագահ Էրտողան խորհրդածութիւնները մանրամասնեց եւ խորացուց կարգ մը օրինակներով։ Ան այս ամբողջին մէջ կանգ առաւ Գամիշլիի վրայ։ Նախագահին խօսքով՝ Թուրքիա կը ձգտի այնտեղ ահաբեկչական կազմակերպութեան արմատները ոչնչացնել։
Հարկ է յիշեցնել, որ Էրտողան եւ Էսատ վերջին օրերուն Ռիատի մէջ մասնակցած էին Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի համատեղ արտահերթ գագաթաժողովին, որ կազմակերպուած էր Սէուտական Արաբիոյ հիւրընկալմամբ։