ՓՐՈՖ. ՄԱՆՈՒԿ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ՝ ԻՐ ՊԱՇՏՕՆԱՎԱՐԱԾ ՄԱԼԹԵՓԷԻ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻՆ ՄԷՋ

Ցաւով տեղեկացանք, որ մեր համայնքի բժշկական ոլորտի պարծանքներէն փրոֆ. Մանուկ Մանուկեան շաբաթավերջին յարձակման մը ենթարկուած է իր պաշտօնավարած հիւանդանոցին մէջ։ Զգայացունց այս դէպքը համայնքէն ներս տակաւին նոր արձագանգ գտած է՝ քանի փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի ընտանիքը փորձած է ցնցումը կառավարելի պահել հարազատներու՝ մանաւանդ կրտսերներու շրջանակէն ներս։

Մանուկ Մանուկեան բռունցքի հարուած մը ստացած է Մալթեփէի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէի համալսարանէն ներս։ Ան անմիջապէս ենթարկուած է վիրահատութեան՝ քանի քիթի ոսկորի բեկանումներ ունեցած է։ Յայտնի վիրահատին աչքերն ալ վնասուած են այս յարձակումէն։

Դէպքը այնքան մեծ ցաւ յառաջացուցած է, որ մարդիկ նոյնիսկ յարձակման հանգամանքները երկրորդական կը նկատեն, որովհետեւ ուշի ուշով կը հետեւին փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանի վիճակին։ Բարեբախտաբար, իր առողջական վիճակը կայուն է, դարմանումը կ՚ընթանայ նախատեսուած հունին մէջ եւ ապաքինման շրջանէն վերջ ան պիտի կարողանայ վերադառնալ բնականոն կեանքին։

Յարձակումը գործած երիտասարդը ձերբակալուած է ոստիկանութեան կողմէ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը արագ ապաքինում կը մաղթէ փրոֆ. Մանուկ Մանուկեանին, որ թերթիս հիմնադրի ծոռն է։ Նոյն առթիւ մեր բարոյական զօրակցութիւնը կը յայտնենք իր ծնողին՝ Վռամշապուհ եւ Հերանոյշ Մանուկեան ամոլին. թոռը թերթիս համահիմնադիրներէն ողբացեալ Սարգիս Գօչունեանի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14, 2024