COP29՝ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես երէկ հանդիպում մը ունեցան Պաքուի մէջ, COP29 գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Կութերես մօտաւոր անցեալին ալ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպած էր՝ Քազանի մէջ, BRICS-ի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Այս երկու հանդիպումներու օրակարգին շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հրապարակուած պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ՝ ըստ ընդհանուր քարտուղարի նախընտրութեան։
Բաց աստի, Միշուսթին Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Արեւմուտքը կը փափաքի Հարաւային Կովկասէն դուրս մղել Ռուսաստանը, Իրանն ու Թուրքիան։ Իր խօսքով՝ Մոսկուա պատրաստ է Երեւանի եւ Պաքուի գործընկերներուն համակողմանի աջակցութիւն տրամադրել՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու հիման վրայ տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հասնելու համար։ Ան պնդեց, որ Արեւմուտքը բացարձակ չէ հետաքրքրուած տարածաշրջանով եւ այնտեղի ժողովուրդներու ճակատագրով։ «Մենք, ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, շահագրգռուած ենք տեսնելու անվտանգ, կայուն ու բարգաւաճ տարածաշրջան մը», պնդեց Զախարովա։
Ի լրումն այս բոլորին, ռուս բանբերը պնդեց, որ իր երկիրը ժամանակին դժգոհ էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի աշխատանքէն եւ այս բանը բազմիցս բացայայտ յայտարարած էր։ Զախարովա յայտնեց, որ Մինսքի խումբի արեւմտեան անդամները սկսած էին խոչընդոտել անոր աշխատանքը ու բացայայտ արտայայտեցին այդ դիրքորոշումը։ «Արեւմուտքը վճռական տրամադրուած է՝ սեփական շահերը պաշտպանելու, խնդիրը քաղաքականացնելու ու ոչ թէ լուծելու ուղղութեամբ», եզրափակեց Մարիա Զախարովա։