ԽՈՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Ար­ցա­խի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը կը խո­րա­նայ հաս­նե­լով մտա­հո­գիչ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րու։ Հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուած զի­նամ­թեր­քի տե­սակ­նե­րը եւ այլ բազ­մա­թիւ հան­գա­մանք­ներ պատ­ճառ կը դառ­նան, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ճա­կա­տին վրայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը միշտ մնայ առ­կայ։ Այս բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րուն վրայ կու գայ ա­ւել­նալ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նի բարդ ի­րադ­րու­թիւ­նը եւ մի­ջազ­գա­յին տակ­նուվ­րա­յու­թիւ­նը։ Հուսկ, ար­դիւն­քը այն է, որ վեր­ջին ա­ւե­լի քան տասն օ­րուան ըն­թաց­քին չորս հայ զի­նուոր նա­հա­տա­կուած է սահ­մա­նին վրայ՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։ Ա­նոնց­մէ վեր­ջի­նը ե­ղաւ 19-ա­մեայ Կա­րէն Գրի­գո­րեան, որ շա­բա­թա­վեր­ջին զո­հուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի դի­պու­կա­հար­նե­րէն մէ­կուն կող­մէ բա­ցուած կրա­կին հե­տե­ւան­քով։ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայտ­նեց, որ Պա­քուի կող­մէ ի­րա­վի­ճա­կի սրուի­լը ապ­տակ մըն է մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան դէմ։ Վիեն­նա­յի մէջ Եւ­րո­պա­յէ ներս պաշ­տօ­նա­վա­րող հայ դես­պան­նե­րու հա­ւա­քին ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցին։ Քննար­կուե­ցան Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հա­մա­տեղ ջան­քե­րը, ո­րոնք ուղ­ղուած են հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման։ Դես­պան­նե­րը նկա­տի ա­ռին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Նալ­պան­տեան ընդգ­ծեց, որ ի պա­տաս­խան ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն կող­մէ Պելկ­րա­տի մէջ հնչե­ցուած կո­չին՝ վե­րա­հաս­տա­տել հար­ցի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ կար­գա­ւոր­ման յանձ­նա­ռու­թիւ­նը, Ատր­պէյ­ճան վեր­ջին օ­րե­րուն շեշ­տա­կի ձե­ւով կը սրէ ի­րա­վի­ճա­կը, ինչ որ ապ­տակ մըն է ե­ռա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան դէմ։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Արծ­րուն Յով­հան­նի­սեանն ալ ը­սաւ, թէ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­պա­տիժ պի­տի չմնան եւ ստեղ­ծուած ի­րադ­րու­թեան ամ­բողջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը կը վի­ճա­կի ա­նոր ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան։

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեանն ալ յայ­տա­րա­րեց, թէ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն Ար­ցա­խի լիար­ժէք մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի ա­պա­հո­վէ հաս­նիլ հիմ­նախնդ­րի վերջ­նա­կան կար­գա­ւոր­ման։ Ծա­նօթ է, որ Կա­րէն Միր­զո­յեան վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Ո­ւա­շինկ­թըն, ուր հար­ցազ­րոյց մը տուաւ «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն» ռա­տիօ­կա­յա­նին։ Այս առ­թիւ Միր­զո­յեան ընդգ­ծեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ միշտ բարձր գնա­հա­տած է հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը։ Թէեւ զա­նա­զան մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րու շուրջ ա­նոնց մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նին տա­րա­ձայ­նու­թիւն­ներ, սա­կայն ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման պա­րա­գա­յին հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը հան­դէս կու գան հա­մա­ձայ­նե­ցուած ընդ­հա­նուր դիր­քո­րո­շու­մով մը։ Հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով՝ Կա­րէն Միր­զո­յեան դի­տել տուած է, որ Ռու­սաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ մի­ջեւ առ­կայ թնճու­կը ու­նի եւ պի­տի ու­նե­նայ իր լուրջ անդ­րա­դար­ձը ընդ­հա­նուր տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ։

Միւս կող­մէ, Պա­քուի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­հանգս­տա­ցած է Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի դէ­պի Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լու­թե­նէն, ո­րու ըն­թաց­քին ան ձեռ­նար­կի մըն ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Գոնկ­րէ­սէն ներս։ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ եւ ար­տա­քին կա­պե­րու բաժ­նի վա­րիչ Նով­րուզ Մա­մե­տով յայտ­նեց, թէ սխալ կը հա­մա­րէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։ Ըստ ի­րեն, ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը կրնար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ այլ պայ­ման­նե­րու ներ­քեւ հան­դի­պիլ, սա­կայն ոչ ԱՄՆ-ի մէջ։ «Այս բո­լո­րը Ատր­պէյ­ճա­նի մօտ ԱՄՆ-ի նկատ­մամբ ո­րոշ վե­րա­բեր­մունք մը կը ձե­ւա­ւո­րեն», ը­սաւ Մա­մե­տով։

Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Հիք­մէթ Հա­ճիեւն ալ ը­սաւ. «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­ջատ­ման վար­չա­կազ­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րէն Միր­զո­յեա­նին ԱՄՆ մուտ­քի վի­զա տրա­մադ­րու­մը ան­թոյ­լատ­րե­լի է, ո­րով­հե­տեւ ԱՄՆ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ պե­տու­թիւն­նե­րէն մին է»։ Հարկ է նշել, որ Ո­ւոր­լիք Կա­րէն Միր­զո­յեա­նը հիւ­րըն­կա­լած էր ԱՄՆ-ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մէջ։ 

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Նով­րուզ Մա­մե­տով առ­կայ լա­րուա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ եւ Միր­զո­յեա­նի Ո­ւա­շինկ­թըն այ­ցե­լու­թեան դէմ ար­տա­յայ­տած բո­ղո­քի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ դի­տել տուաւ, թէ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ կրնան հան­դի­պիլ մին­չեւ տա­րե­վերջ։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ներ­կա­յիս կը փոր­ձեն կազ­մա­կեր­պել նա­խա­գահ­նե­րու հան­դի­պու­մը, ո­րու յստակ ժամ­կէտ­նե­րը տա­կա­ւին յայտ­նի չեն։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2015