ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին Աշխապատի մէջ մասնակցեցաւ Թիւրքմենիստանի անկողմնակալութեան հռչակման 20-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական գագաթաժողովին։ Թիւրքմենիստանի Նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամէտովի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս գագաթաժողովին ընթացքին Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը։ Ան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի յաղթահարուի միասնական ջանքերով։ Ուստի, Էրտողան կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան՝ որպէսզի առկայ դժուարին կացութեան մէջ աւելի լուրջ պատասխանատուութիւն ստանձնէ։
Մինչ այդ, Աշխապատի մէջ Էրտողան ունեցաւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին նաեւ Թուրքիա-Ռուսաստան առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ։ Բացի Պերտիմուհամէտովի հետ ունեցած տեսակցութենէն, Էրտողան հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի Նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլիի, Իրանի Ա. փոխ-նախագահ Իսաք Ճիհանկիրիի եւ Փաքիստանի Վարչապետ Նաւազ Շերիֆի հետ։ Յատկանշական էր նաեւ Էրտողանի ընկերակիցներէն Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի տեսակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ, որ գլխաւորեց Աշխապատի գագաթաժողովին մասնակից ռուսական պատուիրակութիւնը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Էրտողան-Պերտիմուհամէտով տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Թիւրքմենիստանի բնական կազը Թուրքիոյ վրայով տարանցելով դէպի Եւրոպա հասցնելու խնդիրը։ Ռուսաստանի հետ յառաջացած առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիա մտահոգութիւն կ՚ապրի, թէ կրնայ զրկուիլ ռուսական կազէն։ Հետեւաբար, ներկայիս Անգարայի ղեկավարութիւնը ձեռնարկած է այլընտրանքային որոնումներու։ Այս ուղղութեամբ թրքական կողմը ցարդ Քաթարի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան հեռանկարներ ստեղծած է։ Վերջին օրերուն Իսրայէլի ղեկավարութիւնն ալ տեղեկացուց, թէ կազի գործարք մը կրնայ իրականացնել Թուրքիոյ հետ։ Ի լրումն այս բոլորին, Աշխապատի մէջ Էրտողանի եւ Պերտիմուհամէտովի միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնը նոր այլընտրանքի մը հեռանկարը ուրուագծեց Թուրքիոյ առջեւ։
Մարկվելաշվիլիի հետ Էրտողան քննարկեց Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան նախագծի իրականացման ընթացքին շուրջ հարցեր։ Երկու նախագահները շօշափեցին նաեւ ուժանիւթակիրներու տարանցման վերաբերեալ խնդիրներ։ Մարկվելաշվիլի Էրտողանի ուշադրութեան յանձնեց Թիւրքմենիստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ իր նկատառումները։ Երկու նախագահները կանգ առին նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն վրայ։
Էրտողանի եւ Ճիհանկիրիի զրոյցն ալ ուշագրաւ էր, որովհետեւ Թուրքիա-Ռուսաստան լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ վերջին շրջանին ազդուեցան նաեւ Անգարա-Թեհրան կապերը՝ մանաւանդ Մուսուլ ուղարկուած թուրք զինուորներու հարցին բերումով։
Իր կարգին, Չավուշօղլու երէկ Հռոմի մէջ յայտարարութիւններ ըրաւ Մաթվիենքոյի հետ Աշխապատի մէջ ունեցած հանդիպման շուրջ։ Ըստ իրեն, թրքական կողմը կողմնակից է երկխօսութեան ճանապարհով յաղթահարել լարուածութիւնները։ Ան Մաթվիենքոյին բացատրութիւն տուած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ ունեցած շփումներուն շուրջ։ Թրքական կողմը դրական ազդանշան կ՚ակնկալէ ռուսական կողմէն։ Չավուշօղլու համոզուած է, թէ իր եւ Լաւրովի գործը պէտք է դիւրացուի։