«ԷՐՄԻԹԱԺ»Ի ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ռու­սաս­տա­նի աշ­խար­հահռ­չակ «Էր­մի­թաժ» պե­տա­կան թան­գա­րա­նի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մի­խա­յիլ Փիոթ­րովս­քի ե­րէկ այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ուր հիւ­րըն­կա­լ­ւե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պետ Տա­րօն Մար­գա­րեա­նի հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին «Էր­մի­թաժ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէ­նին ըն­կե­րա­ցաւ իր որ­դին՝ Պո­րիս Փիոթ­րովս­քի։

Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Մի­խա­յիլ Փիոթ­րովս­քի հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի եւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։

Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ «Էր­մի­թաժ»ի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լեն բազ­մա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն՝ Սերժ Սարգ­սեան եւ Մի­խա­յիլ Փիոթ­րովս­քի անդ­րա­դար­ձան այդ նիւ­թին։ Զրու­ցա­կից­նե­րը մատ­նան­շե­ցին, որ հայ-ռու­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­բող­ջին մէջ մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մշա­կու­թա­յին բա­ղադ­րի­չը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պետն ալ Մի­խա­յիլ Փիոթ­րովս­քիին հետ քննար­կեց Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի հա­յոց թե­մի հաս­տատ­ման 300-ա­մեա­կի մօ­տա­լուտ յո­բե­լեա­նին վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ այս շրջագ­ծով 2017 թուա­կա­նին հա­մա­տեղ ցու­ցա­հան­դէս մը կազ­մա­կեր­պուի «Էր­մի­թաժ»ի մէջ։ Ո­րո­շուե­ցաւ նաեւ «Էր­մի­թա­ժի օ­րեր Հա­յաս­տա­նի մէջ» ծրագ­րի շրջա­նա­կէն ներս շարք մը ձեռ­նարկ­ներ ու վար­պե­տու­թեան դա­սեր ի­րա­կա­նաց­նել Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ։

Զրոյ­ցին ներ­կայ էր նաեւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ար­խի­ւի եւ թան­գա­րան­նե­րու տնօ­րէն Տ. Ա­սո­ղիկ Քհնյ. Կա­րա­պե­տեան։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016