ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ
Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի համագործակցութիւնը թափով կը զարգանայ բոլոր ուղղութիւններով։ Երկու երկիրներու բարեկամական կապերուն տեսակէտէ վառ դրսեւորման շարժառիթ մը հանդիսացաւ Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ Պաքու կատարուած այցելութիւնը։ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուն, որ երկրորդ անգամ այցելեց իր երկիրը։ Հարկ է նշել, որ Նեթանիյահու որպէս վարչապետ իր առաջին պաշտօնավարման ժամկէտին ալ Պաքու այցելած էր քսան տարի առաջ։ Ներկայիս ան երկրորդ անգամ շփումներ ունեցաւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Նեթանիյահու ընդգծեց, որ երկու երկիրները ունին բարեկամական յարաբերութիւններ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց երկրորդ անգամ Ատրպէյճան այցելութեան բերումով։ «Այստեղ՝ Ատրպէյճանի մէջ հրեաները ինքզինքնին լաւ կը զգան։ Բաց աստի՝ Ատըր-պէյճանէն հազարաւոր հրեաներ ներկայիս կ՚ապրին Իսրայէլի մէջ եւ կամուրջ կը հանդիսանան երկու երկիրներու միջեւ», ըսաւ ան։ Իր կարգին, Ալիեւն ալ դիտել տուաւ, թէ հրեայ համայնքը Ատրպէյճանի հասարակութեան կարեւորագոյն եւ աշխոյժ մասերէն մին է ու մեծ ներդրում ունեցած է երկրի զարգացման ուղղութեամբ։
Պաքուի մէջ բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էին քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական հարցեր, ինչպէս նաեւ համագործակցութիւնը՝ ուժանիւթի, ռազմաթեքնիկ եւ բարձր փորձագիտութիւններու ոլորտներէն ներս։ Երէկ կողմերու միջեւ ստորագրուեցան երեք նոր փաստաթուղթեր, ներառեալ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններու միջեւ համատեղ յանձնաժողով մը ստեղծելու վերաբերեալ յուշագիրը։
Ատրպէյճան այն եզակի մահմետական երկիրներէն մին է, որ լայնածաւալ քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական կապեր ունի Իսրայէլի հետ։ Երկու երկիրները կը համագործակցին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Իսրայէլ Ատրպէյճանի նաւթը գնող հիմնական երկիրներէն մին է։ Ան տարեկան 2 միլիոն թոն նաւթ կը գնէ Ատրպէյճանէն։ Այդ նաւթը Պաքու-Թիֆլիզ-Ճէյհան նաւթամուղ խողովակաշարին միջոցաւ Ատրպէյճանէն կը հասնի Իսրայէլ։
Աշխոյժ է նաեւ երկու երկիրներուն համագործակցութիւնը ռազմաթեքնիկ բնագաւառի մէջ։ Իսրայէլ մեծ քանակութեամբ զէնք կը վաճառէ Ատրպէյճանին։ Բաց աստի, Իսրայէլի արտօնագրով Ատրպէյճան կ՚արտադրէ անօդաչու թռչող սարքեր։ Իլհամ Ալիեւ երէկ ընդգծեց, որ ցայսօր պաշտպանութեան գետնի վրայ երկու երկիրները 5 միլիառ տոլար արժողութեամբ պայմանագրեր կնքած են։