ՀԱԼԷՊԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՐԲԱՆՑՔ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ Հա­լէ­պի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան ա­ռար­կայ դառ­նալ։ Երկ­րի ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի են­թա­կայ բա­նա­կը ար­դէն ամ­բող­ջու­թեամբ ձեռք ան­ցու­ցած է քա­ղա­քին հա­կակ­շի­ռը։ Ներ­կա­յիս կան մար­դա­սի­րա­կան ա­ռու­մով շատ կա­րե­ւոր շարք մը խնդիր­ներ, ո­րոնք Հա­լէ­պի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն ա­ծան­ցուած ձե­ւով կը գտնուին օ­րա­կար­գի վրայ։ Ար­դա­րեւ, քա­ղա­քի եր­կու թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ պա­շա­րուած են հոծ թի­ւով քա­ղա­քա­յին­ներ։ Այն­տեղ մնա­ցած ժո­ղո­վուր­դի անվը-տանգ դա­տար­կուի­լը մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին կը գտնուի։

Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հաս­տա­տուե­ցաւ հրա­դա­դար մը։ Ըստ ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թեան, նախ յա­տուկ մի­ջանց­քի մը մի­ջո­ցաւ քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դը պի­տի դա­տար­կուի այդ եր­կու պա­շա­րեալ թա­ղա­մա­սե­րէն։ Ա­ւե­լի վերջ ալ զի­նեալ ընդ­դի­մա­դիր­նե­րը պի­տի լքեն քա­ղա­քը՝ Իտ­լի­պի ուղ­ղու­թեամբ։

ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Պան Քի Մուն տե­ղե­կա­ցուց, որ կը խրա­խու­սէ այս ջան­քե­րը։ «Կող­մե­րուն կը յի­շեց­նենք ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ քա­ղա­քա­յին­նե­րուն հա­մար անվ­տանգ մի­ջանցք մը բա­նա­լու եւ յանձ­նուած­նե­րուն ու ձեր­բա­կա­լուած­նե­րուն նկատ­մամբ մարդ­կայ­նօ­րէն վե­րա­բե­րուե­լու ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016