ԱՐԱՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՐՋ ԱՀԱԶԱՆԳ՝ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան յայտարարեց, որ վտանգներ կը տեսնէ հայագիտութեան բնագաւառին համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վերատեսուչը հայագիտական հետազօտութիւններու բնագաւառէն ներս կը նկատէ որոշ յետընթաց։ Երէկ, Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանի համանուն հանդէսի 37-րդ համարին շնորհանդէսը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ յիշեալ համալսարանի նախագահ վերապետուելի Փոլ Հայտոսթեան։ Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Արամ Սիմոնեան։ Շնորհանդէսին զուգահեռ տեղի ունեցան գեղարուեստական կատարումներ։

Հաւաքոյթի ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Արամ Սիմոնեան մատնանշեց, որ հակահայագիտական քարոզչութեան ծաւալները հետզհետէ կը մեծնան։ Իր խօսքերով՝ հայ հայագէտները շատ դժուար, դաժան եւ շատ կարեւոր պայքար մը ունին իրականացնելու՝ ձեւով մը չէզոքացնելու համար այն ահաւոր վտանգները, որոնք ծառացած են հայագիտութեան ու վերջին հաշուով հայ ժողովուրդի ինքնութեան, անոր ապագային առջեւ։ «Ի հակառակ մեզ, մեր ոխերիմ բարեկամները ամբողջ աշխարհի համալսարաններէն ներս կը ծաւալեն հակահայ գործունէութիւն։ Ես կը կարծեմ, թէ ինքնահաստատման եւ կազմակերպման մեր բոլոր ցանկութիւնները պէտք է վերջապէս գործնական ելքեր ունենան. նկատի ունիմ հայրենիքի եւ սփիւռքի միաւորման խնդիրները ոչ միայն գաղափարապէս, այլեւ աշխատանքի մէջ», ըսաւ վերատեսուչը։

Բաց աստի, Արամ Սիմոնեան յիշեցուց, որ արդէն շուրջ տարիէ մը ի վեր Հայաստանի մէջ ստեղծուած է հայ պատմագէտներու միութիւն մը, որ իր առջեւ դրած է այս նոյն խնդիրը՝ պայքարելու համար այն արհաւիրքներուն դէմ, որոնք այսօր գոյութիւն ունին հակահայագիտական ոլորտին մէջ։ «Այդ տագնապները չափազան-ցըւած չեն», ըսաւ Արամ Սիմոնեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017