ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ՈՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտահերթ գագաթաժողովը։ Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա ներկայիս այս կազմակերպութեան շրջանային նախագահ երկիրն է՝ Էրտողանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ երէկուան գագաթաժողովը՝ արտայայտելու համար իսլամական աշխարհի դիրքորոշումը Երուսաղէմի վերաբերեալ վերջին տագնապին շուրջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմի՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուիլը անհանգստութիւն յառաջացուցած էր իսլամական երկիրներուն մօտ։ Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ տեղի ունեցաւ երէկուան գագաթաժողովը, որ շատ լայն արձագանգ ստեղծեց միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Պատմական այս գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ արմատական որոշումի մը հրապարակման։

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ Իսթանպուլի մէջ համախմբուած յիսունվեց երկիրներու ներկայացուցիչները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Արեւելեան Երուսաղէմը ճանչցուեցաւ Պաղեստինի պետութեան մայրաքաղաքը, ընդգծուեցաւ անոր բռնագրաւեալ բնոյթը եւ այս մօտեցումներու որդեգման համար կոչ ուղղուեցաւ համայն աշխարհին։

Գագաթաժողովի եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ կոչ մըն ալ հասցէագրուեցաւ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին։ Այս կոչով պահանջուեցաւ՝ որպէսզի Երուսաղէմի օրինական կարգավիճակը վերահաստատուի ու վերջ գտնէ Իսրայէլի բռնագորաւումը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017