ՆԱԹՕ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՆԱԹՕ-ի փոխ-ընդհանուր քարտուղար Ռոուզ Կոթէմիւլլէր յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Երեւան, ուր պիտի ընդունուի Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի, Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկիրը դաշինքի անդամներուն հետ կը բանակցի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան շուրջ։

Անցեալ Յունիսին Վիգէն Սարգսեան Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Ռոուզ Կոթէմիւլլէրի հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017