ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ 2018 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԳԱՐՈՒՆԸ ՊԻՏԻ ԴԻՄԱՒՈՐԷ ԱՌԱՆՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՑԻՒՐԻԽԻ ՄԷՋ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ»

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Աթէնք կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցերու։ Այսպէս, ան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018 թուականի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններուն։ Խօսելով Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու մասին՝ Նալպանտեան յիշեցուց, որ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ սկսած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղեալ գործընթաց մը, որու արդիւնքին 2009 թուականի Հոկտեմբերին արձանագրութիւններ ստորագրուեցան Ցիւրիխի մէջ։ Այնուամենայնիւ, Նալպանտեան ընդգծեց, որ ցայսօր այդ փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, որովհետեւ Թուրքիա յառաջ քշեց անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին արձանագրութիւններու ոգիին ու տառին։ «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ եւ այս պատճառով Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստան արձանագրութիւնները առ ոչինչ պիտի յայտարարէ, որովհետեւ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար եւ մենք 2018 թուականի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ արձանագրութիւններուն», ըսաւ Նալպանտեան։

Դէպի Աթէնք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Նալպանտեան հիւրընկալուեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոձիասի կողմէ։ Երկու նախարարները համատեղ մամլոյ ասուլիսով ամփոփեցին իրենց վարած բանակցութիւնները։ Անոնք միեւնոյն ժամանակ ստորագրեցին փոխըմբըռն-ման յուշագիր մը՝ երկու նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու դրութեան ստեղծման վերաբերեալ։ Բանակցութիւններու ընթացքին օրա-կարգի վրայ եկան երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման նիւթեր, միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները։

Աթէնքի մէջ Եդուարդ Նալպանտեան ընդունուեցաւ նաեւ Յունաստանի Նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի կողմէ։ Ան տեսակցեցաւ նաեւ յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2017