ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԱՇԽԱՏԱԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն Սետա Այշէ Ճայմազ եւ Մուսթաֆա Օտապաշը վերջին օրերուն այցելութիւն մը տուին Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանին։ Նախագահական աշխատակազմէն ներս անոնք մաս կը կազմեն Իսթանպուլի մէջ գործող հասարակական դիւանագիտութեան խումբին։ Զեքիեան Գերապայծառ Սաքըզաղաճըի Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց երկու պաշտօնատարները։ Ներկայ էին Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան, Տ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան, Սաքըզաղաճըի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Ժոզէֆ Արսլանկիւլ, Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէր եւ Առաջնորդարանի քարտուղարուհիներէն Նարօտ Մինասեան։

Հանդիպման ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ ողջունեց հիւրերը եւ ուրախութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան համար։ Կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան զանազան նիւթերու շուրջ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 14, 2019