ԱՐՑԱԽԸ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒԱԾ

Արցախը կը շարունակէ մնալ շրջափակուած։ Ատրպէյճան փակած է Լաչինի միջանցքը, որ յետպատերազմեան շրջանին Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ կը գտնուէր։ Այսպէսով վաղ 90-ականներու ծանր կացութիւնը վերստին վերականգնուած է Արցախի տեսակէտէ։ Ստեփանակերտի եւ Երեւանի ղեկավարութիւնները թէեւ ահազանգ կը հնչեցնեն, սակայն Լաչինի միջանցքը փակելէ վերջ Ատրպէյճան արդէն երէկ ընդհատեց նաեւ Արցախի ամբողջ կազամատակարարումը։ Ստեփանակերտէն կը հաղորդուի, որ արդէն դպրոցները փակուած են։

Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ յայտնեց, որ մեծ է մարդասիրական տագնապի վտանգը, սակայն ոչ ոք կը պատրաստուի ընկրկիլ դժուարութիւններու առջեւ։ Ան աւելցուց, որ Արցախի մէջ սահմանուած է խնայողական դրութիւն բոլորին համար, որովհետեւ կարելի չէ գիտնալ, թէ այս իրավիճակը որքան պիտի շարունակուի։

Եւրոպական Միութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ այլ միջազգային դերակատարներ այս փուլին կոչ կ՚ուղղեն, որպէսզի Ատրպէյճանի կառավարութիւնը վերականգնէ Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը։

Երեւանի մէջ երէկ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան միջազգային կառոյցներու ներկայացուցչութիւններուն եւ օտարերկրեայ դեսպանատուներու առջեւ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ ՄԱԿ-ի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին առթիւ կը մեկնի Նիւ Եորք, ուր նախատեսուած են նաեւ իր շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։

Իր կարգին, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ յայտնեց, որ Ստեփանակերտի մէջ կ՚ակնկալեն Ռուսաստանի աւելի գործօն աջակցութիւնն ու քայլերը։  

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022