ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐ

Երէկ երեկոյեան Չըրաղանի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա մօտալուտ Ամանորի առթիւ հիւրընկալեց ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց հոգեւոր ու աշխարհական առաջնորդները, նաեւ քաղաքիս դիւանագիտական շրջանակներէն ներկայացուցիչներ։ Կուսակալի տանտիրութեամբ կազմակերպուած ընթրիքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ շատ ջերմ մթնոլորտ։ Միասնութեան տրամադրութիւններով տոգորուած՝ բոլոր ներկաները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին մօտալուտ Ամանորին առթիւ։

Այս ընդունելութեան հրաւիրուած էր նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ երեկոյթին մասնակցեցաւ իր գաւազանակիրին՝ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանին հետ։ Մեր համայնքէն ներկայ էին նաեւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ, ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ մամլոյ սպասաւորներ։

Երեկոյթին մասնակցեցան նաեւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Կէտիկփաշայի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։

Ընթրիքի կազմակերպուած դահլիճի մուտքասրահին մէջ կուսակալ Ալի Երլիքայա անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց բոլոր ներկաներուն հետ։ Այս փուլին ան մտերմիկ զրոյց մըն ալ ունեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։ Նորին Ամենապատուութեան հետ խօսակցութեան ընթացքին կուսակալ Ալի Երլիքայա ակնարկեց համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին։ Ան յայտնեց, որ կը բաժնէ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր մօտեցումները՝ Պիւյիւքտէրէի եւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդներու վերանորոգման համար նախատեսուած քուէարկութիւններու կազմակերպչական հարցերուն շուրջ։

Ընթրիքի տեւողութեան կուսակալ Երլիքայա շեշտեց, որ Իսթանպուլը խաղաղութեան, անդորրութեան եւ եղբայրութեան քաղաքն է, ուր դարերէ ի վեր բոլոր կրօններն ու մշակոյթները կողք կողքի կը գոյատեւեն համակեցութեան մէջ։ Կուսակալը շեշտեց, որ քաղաքի այս ոգին պահպանուած է նաեւ Հանրապետական շրջանին։ Այս մատնանշումը, բնականաբար, կարեւորութիւն կը ներկայացնէր՝ քանի յառաջիկայ տարի պիտի նշուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը։

Ելոյթին տեւողութեան կուսակալ Երլիքայա դիտել տուաւ, որ մարդկայնութեան տարրական հանգամանքներէն մին է՝ վանել խտրականութիւնը բոլոր դրսեւորումներով։ Այս առումով ան շեշտեց, որ Իսթանպուլ քաղաքը բոլորին տեսակէտէ բարեկամի դուռ մը կը համարուի։

Կուսակալ Երլիքայա աւելի վերջ շեշտեց, որ համայն աշխարհ մեծ փորձութիւններու ժամանակաշրջանէ մը կ՚անցնի եւ այս ամբողջին մէջ վերյիշեց մօտաւոր անցեալին Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցած պայթումը։ Ան կրկնեց իր շնորհակալութիւնները քաղաքիս հոգեւոր առաջնորդներուն եւ դիւանագէտներուն նկատմամբ։ Կուսակալը նշեց, որ անոնք չէին բաւարարուած միայն ցաւակցութիւն յայտնելով, այլեւ պայթումի պատահած վայրին վրայ իրենց թողած մեխակներով համապատասխան պատգամ փոխանցեցին համայն մարդկութեան։ Հուսկ, Ալի Երլիքայա շեշտեց, որ համակեցութեան մշակոյթը մեր երկրի ամենակարեւոր ուժն է։ Կուսակալը ամանորեան բարեմաղթութիւններով եզրափակեց իր խօսքերը։ 

Ելոյթի աւարտին ընթրիքի սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ, իսկ արձակման փուլին կուսակալ Ալի Երլիքայա բոլորին հետ վերստին մի առ մի ձեռնուեցաւ։ Հրաժեշտի պահուն թէ՛ կուսակալը եւ թէ՛ հրաւիրեալները բարեմաղթանքները կրկնեցին։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2022